image

Շուէտի մէջ. Բնիկ հալէպցի Պօղոս Գազանճեանի կանխահաս մահը

  Շուէտի մէջ. Բնիկ հալէպցի Պօղոս Գազանճեանի  կանխահաս մահը

Օրերս տխուր լուր ստացանք Շուէտէն։

Մահացած է հալէպահայ Պօղոս Գազանճեանը։

Տիար Պօղոսի մահուան մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի հակիրճ կենսագրութիւնը։

Պօղոս Գազանճեան  ծնած է 1961-ին, Հալէպ՝ Կարպիս եւ Զուարթ Գազանճեաններու յարկին տակ: Ան ունեցած է երկու եղբայր եւ երեք քոյր՝ Կոմիտաս, Րաֆֆի, Մարալ, Հուռի եւ Թալին: Իր նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Մէջ:

Դեռ պատանի տարիքին մեկնած է արտագնայ աշխատանքի՝ Լիպիա:  Արդեն որպէս երիտասարդ կը վերադառնայ Սուրիա՝ զինուորական ծառայությունը մատուցելու եւ որմէ ետք կը ճամբորդէ Եւրոպա ու կը հաստատուի Շուէտ։

Առաջին անգամ  կ՚ամուսնանայ  1989-ին՝ Իլհամի հետ: Աստուած օրհնած է իր առաջին ընտանիքը երկու զաւակներով՝ Կարպիս եւ Ալիսա: Իսկ որոշ ժամանակ յետոյ՝ 2000-ին երկրորդ անգամ ըլլալով կ՚ամուսնանայ Համեստ Վարդանեանի հետ՝ Հալէպի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ կը տեղափոխուին Շուէտ, ուր Աստուած կ՚օրհնէ եւս երկու զաւակներով՝ Վիգէն եւ Ալինա։

Ան  ճանչցուած էր իր աշխատասիրութեամբ եւ համեստութեամբ: Իր  ամբողջ  կեանքի ընթացքին ունեցած է  զինք  յարգող եւ սիրողներու  մեծ բանակ մը։

Որպէս հայր եւ որպէս եղբայր ճանչցուած էր իր գուրգուրանքով եւ իր բարեսրտութեամբ։ Ան իր  աչքերը  դէպի յաւերժութիւն  փակեց Ուրբաթ, 2 Օգոստոս 2024-ի առաւօտուան:

Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի  արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շուէտի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։

Մինչ այդ՝ հոգեհանգստեան պաշտօն  կատարուեցաւ Կիրակի, 4 Օգոստոս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին՝  Հալէպի  Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ  յաւարտ  Սուրբ Պատարագի։