Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Հոգշ. Տ. Վահան ծ. Վրդ. Պէրպէրեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Թեմի դիմատետրի էջէն, ուր երկար տարիներ, որպէս փոխ առաջնորդ ծառայած է հայր սուրբը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հակիրճ մահագրականը։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը եւ Կրօնական Ժողովը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն մահը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայր, Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդի Օգնական, Կրօնական Ժողովի նախկին անդամ, Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Խորհուրդի նախկին ատենապետ, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան» շքանշանակիր
Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ
վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 26 Փետրուար 2022-ին, Լիբանանի մէջ:
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայրերուն, վախճանեալ Հայր Սուրբի ընտանիքին եւ հարազատներուն։
Այս տխուր առիթով, վաղը՝ Կիրակի 27 Փետրուար 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, վախճանեալ հայր սուրբին հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ հոգեհանգստեան արարողութեան։