ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը Ալյասքայի մէջ՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, գագաթնաժողովի մը համար ժամանած են։
Ըստ CNN-ի՝ հանդիպումը արդէն սկսած է։
Հանդիպումը տեղի կ’ունենայ նեղ կազմով, եւ պատուիրակութիւններու անդամները քիչ անմիջապէս ետք պիտի միանան առաջնորդներուն։
Թրամփին եւ Փութինին միջեւ նախատեսուած անձնական շփումը վերածուած է «երեք-երեք» ձեւաչափի հանդիպման։
Ամերիկեան կողմէն հանդիպման պիտի մասնակցին Պետքարտուղար Մարքօ Ռուպիոն եւ յատուկ բանագնաց Սթիվ Ուիթքօֆը, իսկ ռուսական կողմէն՝ Արտաքին Գործոց Նախարար Լաւրովը եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան Նախագահի Օգնական Ուշակովը։