Ռուսիոյ, Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խրխզստանի ղեկավարները 9 դեկտեմբերին հանդիպած են Պիշքէքի մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթնաժողովին, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը:
Պետութիւններու ղեկավարները հաւաքուած են «Ալա-Արչա» պետական նստավայրը: Գագաթնաժողովը սկսած է Խրխզստանի նախագահ՝ Սատիր Ժափարովի կողմէ հանդիպման ժամանած առաջնորդներու դիմաւորման արարողութեամբ։
Ծրագրին համաձայն՝ գագաթնաժողովի մասնակիցներն աւանդաբար խմբակային լուսանկարուած են ու տեղափոխուած դահլիճ, ուր մեկնարկած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը։
Հանդիպման առաջին մասը անցած է նեղ ձեւաչափով՝ ԵԱՏՄ երկիրներու անմիջական մասնակցութեամբ։ Աւելի ուշ բանակցութիւնները պիտի կայանան ընդլայնուած կազմով, որուն պիտի միանան դիտորդ երկիրները՝ Քուպան եւ Ուզպեքիստանը։ Հանդիպումէն յետոյ առաջնորդները պիտի հաստատեն փաստաթուղթերու ամբողջ փաթեթ մը։
Կ'ակնկալուի, որ առաջնորդները քննարկեն կազի ընդհանուր շուկայի ձեւաւորումը եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ միջգերատեսչական խորհուրդի ստեղծումը, ԵԱՏՄ տարածքին մէջ համարկման հետագայ խորացումը եւ ծառայութիւններու միասնական շուկայի զարգացումը։ Կը նախատեսուի, որ գագաթնաժողովին հաստատուի նաեւ փաստաթուղթերու ամբողջ փաթեթ մը եւ հաստատուին 2023 թուականի համար Միութեան միջազգային գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները։