Սուրիա- ( LBCI-Պէյրութ) Դամասկոսի Ռուսիոյ դեսպանատունը հրթիռարձակման թիրախ: Այս մասին լուրը փոխանցեց Լիբանանեան LBCI կայանը: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ ռուսական աղբիւրներ լուրին անդրադառնալով յայտնած են, թէ դեսպանատան դէմ կատարուած հրթիռարձակումները կատարուած են արտաքին ուժերէ նեցուկ ստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ: Նոյն աղբիւրները յայտնած են, որ ISIS չի կանգնիր հրթիռարձակումներուն ետին: