image

Դամասկոսի մէջ. Կազմակերպութեամբ Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանի Կրօնից հարցերու պատուիրակութիւն մը Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան այցելեց

 Դամասկոսի մէջ. Կազմակերպութեամբ  Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանի Կրօնից հարցերու պատուիրակութիւն մը Հայ  Կաթողիկէ  առաջնորդարան այցելեց

Սուրիոյ կրօնական փոքրամասնութիւնները, որոնց շարքին նաեւ մեր հայ հայրենակիցները կը շարունակեն ծանօթացման հանդիպումներ ունենալ երկրի նոր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

 Այս առումով ալ Դամասկոսի մէջ կարեւոր ճիգերով հանդէս կու գայ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդ Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որուն անդուլ կամքին շնորհիւ օրերս Դամասկոսի կրօնից հարցերու պատասխանատուներ այցելութիւն տուած են Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդարան։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Թեմի դիմատետրեան էջէն։

 

 Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝՚

 Օրերս Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդարան այցելեց մէջ, երկրի կրօնից հարցերու պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունենալու Թեմիս առաջնորդին, ինչպէս նաեւ քննարկելու կողմերը յուզող հարցերը։ 

Սոյն հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին՝

 Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Գերյ. Հ. Ժիհատ եպս. Պաթահ, Մոնս. Հ. Միշել Ֆրէյֆը, Հայր Ֆիրաս Լութֆի, Հայր Ֆարիտ Պութրոս եւ Մոնս.Ճորճ Պահէ։

  Յարգալից մթնոլորտի մը մէջ անցած հանդիպման աւարտին կողմերը որոշած են  հերթական դարձնել սոյն հանդիպումները եւ շարունակել տարբեր նիւթերու վերաբերեալ անկեղծ քննարկումները։