Պոլսահայ գործիչ, Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի երկարամեայ անդամ Որդիք Փափազեան, որ իր մահկանացուն կնքած էր յետ անողոք հիւանդութեան, օրերս հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ «Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Համայնքային գործիչ, Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի երկարամեայ անդամ Որդիք Փափազեան, որ իր մահկանացուն կնքած էր յետ անողոք հիւանդութեան, երէկ հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ իր հարազատ տան՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, ուր երկար տարիներու ծառայութիւն մատուցանած էր որպէս վարչային եւ որուն հետ կապուած էր մանկութեան տարիներէն՝ որպէս թաղեցի, որպէս դպրոցի սան եւ յետոյ՝ որպէս թաղական։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դասուն մէջ սգակիր կանգնած էր ընտանիքի ու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետի եւ խումբ մը անդամներուն հետ։ Յուղարկաւորութեան նախագահեց Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, իսկ կարգը կատարեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։ Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր տխուր արարողութեան, Փափազեան ընտանիքի անդամներուն սուգը բաժնելու եւ հանգուցեալի նկատմամբ յարգանքի վերջին տուրք մատուցանելու համար։ Ծաղկեպսակներ ղրկուած էին զանազան հաստատութիւններու կողմէ։
Դագաղին շուրջ կերոնակիր կանգնած էին հին ու նոր թաղականներ՝ Արեգ Մումճու, Գորայ Աշճը, Նուրհան Փալաքօղլու, նախկին շրջաններէն՝ Սարգիս Չեթինգայա, Սեւան Շէշէթեան եւ Մանուկ Գալայճը։
Դամբանականը խօսեցաւ Շնորհք Աբեղան, անդրադառնալով Փափազեանի տարած գործունէութեան եւ մարդկային նկարագրին, նշեց կենսագրական գիծերը, յիշեցնելով որ նորոգ հանգուցեալը երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած էր համայնքին։
Յուղարկաւորութենէն ետք հանգուցեալի մարմինը տարուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատուն եւ հողին յանձնուեցաւ հարազատներու արցունքներու տակ։