image

Վերապատուելի Յովհաննէս Մ. Մելքոնեանի կորուստը

Վերապատուելի Յովհաննէս Մ. Մելքոնեանի կորուստը

Օրերս Քալիֆորնիոյ նահանգի Արգատիա քաղաքին մէջ ի Տէր ննջեց վեր. Յովհաննէս Մելքոնեան: 

Այս տխրունիին մասին «Արեւելք» իմացաւ Այնճարի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ տրուած մահագրութիւնը՝

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք՝ վեր. Յովհաննէս Մելքոնեանի մահը: Ան իր աչքերը փակեց 24 Մայիս, 2025ին, Քալիֆորնիոյ նահանգին, Արգատիա քաղաքին մէջ:

Վեր Մելքոնեան ծնած է Հալէպ, հաւատացեալ ընտանիքի մէջ, Մկրտիչ եւ Պարգեւուհի Մելքոնեաններուն յարկին, հինգ եղբայրներուն մէջ ամենափոքրն էր: Ան

յաճախած է Ալեփօ Գոլէճ եւ անդամակցած Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ, երբ Տիրոջ ծառայութեան կոչը ստացաւ: Վեր Մելքոնեան Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանէն վկայուեցաւ Bachelor of Theology 1956ին ապա իր ուսումը շարունակեց Հայկազեան համալսարանէն ներս ստանալով(Bachelor of Arts degree):

Իր ծառայութեան սկսաւ Քեսապի եւ Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէն ներս որպէս հովիւ, ինչպէս նաեւ Այնճարի գիշերօթիկին մէջ որպէս փոխ տնօրէն: Պսակուեցաւ Օրդ. Ժանէթ Գույումճեանին հետ եւ անոնց ընտանիքը օրհնուեցաւ երկու դուստրերով՝ Արտա եւ Տօրիս:

Վեր. Մելքոնեան առիթը ունեցաւ շարունակելու Միացեալ նահանգներուն մէջ իր ուսումը Փասատինայի (Point Loma Nazarene) համալսարանին մէջ եւ ստացաւ (M.A) տիտղոսը: Իր ծառայութիւնը շարունակեց Աստուծոյ դաշտին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի եկեղեցիներէն ներս:

Վեր. Մելքոնեան պիտի յիշուի իր խոր հաւատքով եւ անխոնջ ծառայութիւնով: Ան միշտ հասաւ բոլոր անոնց որոնք իր կարիքն ունէին, քաջալերեց եւ մխիթարեց ու սէր

ցուցաբերեց անխտիր: Անոր ներկայութիւնը կը զօրացնէր շուրջինները եւ իր կեանքով օրինակ կը դառնար ուրիշներուն:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք, Տիկ. Ժանէթին եւ իր երկու դուստրերուն, Արտային եւ Տօրիսին: