Մուտք գործելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նստավայր՝ Սուրբ Էջմիածինի տաճարի համալիր՝ հաւատացեալները կ՚անցնին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի դարպասով։ Մեծ քարէ կամարին մէջտեղը Տրդատ Գ. թագաւորին եւ Սուրբ Գրիգորի Լուսաւորիչի խորաքանդակներն են, որոնց ձեռքերը գրեթէ կը դպչին խաչին: Պատկերը ցոյց կու տայ 301 թուականին, Հայաստանի հեթանոսութենէն քրիստոնէութիւն անցումը ՝ դարձնելով զայն աշխարհի առաջին պետութիւնը, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը։
Այդ գլուխ գործոցին հեղինակն է արուեստագէտ Երուանդ Գոճապաշեանը՝ Հայաստանի նշանաւոր քանդակագործներէն եւ գեղանկարիչներէն մին, որ ստեղծած է դարաւոր հոգեւոր կեդրոնին այս ժամանակակից դարպասը։ Միջազգային ճանաչում ունեցող Գոճապաշեանի ցուցանմոյշները յայտնուած են աշխարհի մեծ քաղաքներու մէջ, իսկ այժմ հայ համայնքը հրաւիրուած է ըմբոշխնելու անոր աշխատանքներէն մի քանի հատը, որոնք պիտի ցուցադրուին Ֆրէզնօ նահանգին մէջ։
Հայագիտականի ծրագիրը (Armenian Studies Program) կը ներկայացնէ «Գոճապաշեան՝ Հայկական ժառանգութեան օրհնեալ ձեռքերը» արուեստի ցուցահանդէսը, 10-էն 30 Ապրիլի, Լեւոն Ս. Փիթըրս Էլիփս պատկերասրահին մէջ, Ֆրէզնոյի պետական գրադարանի երկրորդ յարկին վրայ, գրադարանի ժամերուն: Հինգշաբթի, 15 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6-ին տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէսի բացումը, արուեստագէտին ներկայութեամբ։ Ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան առջեւ։
Գոճապաշեան ծնած է Հալէպ եւ փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։ 1966-ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական համալսարանը, իսկ 1981-ին տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ բնակութիւն հաստատած՝ Գալիֆորնիոյ Մոնթէպէլլօ քաղաքը։
Գոճապաշեան իր գործերը ներկայացուցած է մի քանի նշանաւոր ցուցահանդէսներու մէջ՝ Պոսթընի, Տիթրոյթի եւ Լոս Անճըլըսի մէջ: Անոր գործերը, ներառեալ մարմարէ եւ տուֆէ քանդակները ցուցադրուած են Հարվըրտ համալսարանի Սանտըրզ թատրոնի պատկերասրահին, Փասատէնայի հայկական կեդրոնին եւ Տաունիի արուեստի թանգարանին մէջ:
Արուեստաբան (հանգուցեալ) Հէնրիկ Իգիթեանը ըսած է. «Հայաստանը քարի երկիր է, եւ անբնական չէ, որ ան ստեղծած է սերունդ մը, որ ազդուած է ժամանակակից կեանքով եւ որ նոր տեսք տուած է քարերուն։ Երուանդ Գոճապաշեանի ձեռքին մէջ գտնուող քարը կը վերակենդանանայ»։
Բացի Սուրբ Էջմիածինի Մայր տաճարի մուտքէն, անոր խորաքանդակները կը զարդարեն Անի հիւրանոցին եւ Երեւանի շարժապատկերի տան ճակատները։ Մասնագէտները կ՚ըսեն, որ անոր քանդակները իւրայատուկ են իրենց բարդ նախշային յօրինուածքով եւ ազգային թեմաներու, պատկերներու եւ բոյսերու բազմազանութեամբ:
«Հայաստանի ականաւոր արուեստագէտներէն պէտք է առանձնացնել Երուանդ Գոճապաշեանը»,- ըսած է արուեստաբան Պօղոս Հայթայեանը։
«Գոճապաշեան՝ Հայկական ժառանգութեան օրհնեալ ձեռքերը» արուեստի ցուցահանդէսի հովանաւորներն են Թոմաս Ա. Գույումճեան ընտանիքի հիմնադրամն ու Ֆրէզնօ նահանգի Հայագիտական ծրագիրը: Ցուցահանդէսի կազմակերպիչներն են՝ Լիւսի Երիցեանը, Մայք Պաշեանը, Հէյզըլ Անթառամեանը եւ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը, իսկ համադրողներն են՝ Սթիվ Ռուբըլն ու Քրիս Լոփէզը:
Նիւթի աղբիւր՝ fresnostatenews.com
Հեղինակ ՝ Պէնճամին Քըրք
«Արեւելք»ի համար թարգմանեց ՝ Ն. Տաղլեան