Օրերս Հայ Աւետարանական Համայնքի պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ ՝ ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ Վեր. Փօլ Հայտօսթեանին այցելութիւն մը տուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ ընդունուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանին կողմէ։
Հանդիպումը առիթ հանդիսած է, որ երկու հարանուանութիւններու բարձր ղեկավարութիւնը քննարկէ հայութիւնն ու յատկապէս լիբանանահայութիւնը յուզող հիմնահարցերը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ ՄԱՀԱԵՄ-ի կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը։
Ուրբաթ, 12 Յունուար 2024ին, ՄԱՀԱԵՄը ներկայացնող խումբ մը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը, շնորհաւորելու իր ձեռնադրութեան 50-ամեակը։
Սիրալիր եւ հոգեւոր հաղորդակցութեան պահ տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ հայ եկեղեցիին ներկայ եւ ապագայ մարտահրաւէրները։
Այցելութեան աւարտին, Հոգեւոր Տէրը Սբ. Ներսէս Շնորհալիի ծննդեան 850-ամեակի յիշատակի մետալը յանձնեց ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանին։