image
Հրատապ լուրեր:

Վայոց Ձորի մէջ արջը յարձակած է գիւղացիին վրայ

Վայոց Ձորի մէջ արջը  յարձակած է գիւղացիին վրայ

Օրերս արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Վայոց Ձորի մարզը։

Ըստ shamshyan.com-ի հաղորդման՝ Վայոց Ձորի մարզի Եղեգիս համայնքի Շատին բնակավայրի «Շորալի» կոչուող տարածքին մէջ արջ մը յարձակած է 67-ամեայ Սամուէլ Լեւոնեանին վրայ։ Վիրաւորը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է «Եղեգնաձոր» բժշկական կեդրոն, ուր առաջին բուժօգնութիւն ստացած է, ապա տեղափոխուած «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն։

Պարզուած է, որ արջը ճանկռտած ու կծած է, ապա վնասուածքներ պատճառած գլխին, դէմքին ու վերին վերջոյթներուն։ Աղբիւրին համաձայն՝ Ս. Լեւոնեան բերքը հաւաքած ատեն արջը անսպասելի յարձակած է վրան, ու անոր ու արջի միջեւ սկսած մենամարտ։ 

Ոստիկանութեան Եղեգնաձորի բաժնէն ներս, նիւթեր կը նախապատրաստուին պարզելու դէպքի հանգամանքները։