Միացեալ Նահանգներու հայաշատ Լոս Անճելըսէն վերահասու դարձանք Վարդան Նազիրեանի ընդ Պերթա Պահջէճեանի ուրախառիթ ամուսնութեան մասին։
Մեր երկու հայրենակիցները նուիրեալ հայորդիներ են։
Վարդան Նազիրեան ծնած է Երուսաղէմի, իսկ Պերթա Պահջէճեան՝ Պէյրութի մէջ։
Մեր ընթերցողներէն շատեր հաստատապէս լսած պէտք է ըլլան Վարդան Նազիրեանի անունը, որ կը գործէ մասնաւորապէս ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի շրջանակներուն մէջ եւ կարեւոր աջակցութիւն կը բերէ ամենատարբեր ոլորտներէ ներս:
Նազիրեան ճանչցուած անուն է նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ու նախաձեռնողը տասնեակ կարեւոր եւ ազգաշէն ծրագիրներու։
Մօտիկ անցեալին ան կարեւոր ներդրում ունեցած է նաեւ ՌԱԿ -ի շրջանակներուն մէջ (վերջին շրջանին կը վարէր ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի պաշտօնը) ու մեծ ճիգեր գործադրած այդ վիրաւոր կուսակցութեան միասնութեան ուղղուած ճիգերուն առընթեր։
Նազիրեան ներկայիս կը վարէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետի պաշտօնը։
Անոր դերը մեծ է նաեւ արցախաշինութեան կենսական աշխատանքներուն մէջ, որոնց համար ալ արժանի դարձած է Արցախի պետական մարմիններու յարգանքին եւ ուշադրութեան։
Նշենք նաեւ, որ Նազիրեան ամոլի պսակադրութիւնը տեղի ունեցած է առաջնորդանիստ Ղեւոնդեանց վանական համալիրէն ներս ձեռամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի։
Այս ուրախ առթիւ կը միանաք հարսնեւորներու մեծ ուրախութեան՝ մաղթելով ամենաբարին ու ամենապայծառը մեր ազգին ժողովուրդին ու մայր հայրենիքին համար կենսական նեցուկ ցոյց տուող Նազիրեաններու մեծ ընտանիքին։