image

Վարդան Գազանճեանի բացառիկ կատարումը՝ Լոս Անճելըսի մէջ (Տեսանիւթ)

Վարդան Գազանճեանի բացառիկ կատարումը՝ Լոս Անճելըսի մէջ (Տեսանիւթ)

 Նշենք, որ մեր հայրենակից Վարդան Գազանճեան արհեստով ոսկերչագործ  է, եւ ունենալով մեծ սէր հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ տարբեր առիթներով հանդէս կու գայ։ 

Երգի ու երգարուեստի հանդէպ անոր անշահախնդիր հետաքրքրութիւնը զինք յաճախ «կ՚ուղղեն» դէպի Մայր Հայրենիք, ուր նոյնպէս կ՚ունենայ շնորհաբոյր ելոյթներ։

Արմատներով լիբանանահայ՝ Վարդան Գազանճեան օրերս բացառիկ կատարումով մը հանդէս եկած է Լոս Անճըլըսի մէջ։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

Կը նշուի, որ մեր հայրենակիցը ելոյթ ունեցած է Լոս Անճելըսի շքեղ պանդոկներէն մէկուն մէջ, այդպիսով ալ մեծաւ մասամբ օտարազգի ներկաներուն դիմաց ներկայացնելով հայ երգն ու ոգին։

Նշենք, որ մեր հայրենակից Վարդան Գազանճեան արհեստով ոսկերիչ է, եւ ունենալով մեծ սէր հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ տարբեր առիթներով հանդէս կու գայ։ 

Երգի ու երգարուեստի հանդէպ անոր անշահախնդիր հետաքրքրութիւնը զինք յաճախ «կ՚ուղղեն» դէպի Մայր Հայրենիք, ուր նոյնպէս կ՚ունենայ շնորհաբոյր ելոյթներ։

 Ի դէպ Վարդան Գազանճեանի ելոյթին մասին կարճ գրառում մը կատարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նախկին միաբաններէն՝ Յակոբ Տէմիրճեան եւ վերջինիս գրառումը կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

 Յ. Տէմիրճեան մասնաւորապէս կը գրէ՝

Շաբաթ Հոկտեմբեր 19 երեկոյեան ժամը 7-ին, Վարդան Գազանճեան եւ Արփի Այնթապլեան սքանչելի կատարում ունեցան Los Angeles-ի Biltmore հիւրանոցի շքեղ սրահէն ներս, Asian Hall of Fame-ի տարեկան ձեռնարկին։ 

Անոնք որպէս հայ տաղանդաւոր երգիչներ առաջին անգամ ըլլալով օտար հանրութեան ներկայացուցին «Երջանկութեան Արցունքները» երգը, որուն աւարտին մեծ ծափահարութեան արժանացան։ 

Ուրախ եմ որ ես ալ առիթը ունեցայ վայելելու այս հոգեպարար արարողութեան։

Ձեզի հետ կ՚ուզեմ բաժնել երգը։ 

Վայելեցէք։