Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ տիկին Աննա Յակոբեանը այցելած են Գիւմրի՝ Սերկէյ Մերքուրովի տուն-թանգարան, ուր ծանօթացած են նկարիչ Կարէն Օհանեանի «Կոմունիզմի մահուան տեսիլները» խորագրով անհատական ցուցահանդէսին ներկայացուած նմուշներուն:
Ցուցահանդէսը բացուած է հոկտեմբեր 22-ին՝ նկարիչի նախաձեռնութեամբ, որ պիտի գործէ մինչեւ 2024-ի յունուարի վերջ: Ցուցադրուած են 12 աշխատանքներ, որոնց մէջ երկու ժանր կը գերիշխէ՝ պեյզաժը (բնապատկեր, դաշտանկար) եւ նատիւրմորտը (անկենդան բնութիւն): Կարէն Օհանեանի աշխատանքներու նոր շարքին մէջ երկու այս աւանդական ժանրերը ստացած են անսպասելի, նորարար եւ տպաւորիչ մեկնաբանութիւն: Իր գործերուն մէջ ան կոմունիզմի մահուան եւ պատերազմի մասին կ՚արտայայտուի երբեմն ուղիղ, երբեմն կը ստեղծէ նկարչական տպաւորիչ խորհրդանշաններ եւ փոխաբերութիւններ:
