image

Վալէրի Պուայէ «Ես Երկրորդ Ցեղասպանութեան Մը Դիտորդը Պիտի Չըլլամ»

Վալէրի Պուայէ «Ես Երկրորդ Ցեղասպանութեան  Մը Դիտորդը Պիտի Չըլլամ»

  Ֆրանսա-  Ֆրանսայի  խորհրդարանի  անդամ Վալէրի Պուայէ   իր    Պլոկին մէջ գրառում մը   կատարելով մտահոգութիւն յայտնած է Միջին  Արեւելքի փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս քրիստոնեաներուն  ճակատագրին վերաբերեալ: Պոպւայէ նաեւ ըսած է, որ   արեւելքի քրիստոնեաներուն  տառապանքը    բոլոր մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան  յանուն   եղած  տառապանք է: Քաղաքական գործիչը  նաեւ ըսած է, որ  1915  թուականին  (ի նկատի ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը –Խմբ.՝ «Արեւելք»)   տեղի ունեցած  ցեղասպանութիւնը պիտի չկրկնուի  ու  ինք   պիտի պայքարի  յանուն  Միջին Արեւելքի  քրիստոնեաներուն:   Ան  իր  խօսքը աւարտելով  գրած է «ես  պատրաստ չեմ  երկրորդ  ցեղասպանութեան մը  դիտորդը ըլլալու»:  Նշենք, որ  Պուայէի գրառման մասին լուրը փոխանցած է  News.Am -ը: