Հայաստան- Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամները սպաննած Վալէրի Փէրմիաքով իրեն պաշտպանող փաստաբան մը պիտի ունենայ: Նշենք, որ փաստաբանին անունը գաղտնի կը պահուի: Հայկական մէկէ աւելի կայքեր գրած են, որ Փէրմիաքովը պաշտպանողը պիտի ըլլայ հայաստանցի փաստաբան մը եւ չի նախատեսուիր, որ ծանր ոճիրը կատարելու մէջ մեղադրուողին դատը պաշտպանէ Ռուս իրաւապաշտպան մը: Յիշեցնենք, որ Փէրմիաքով դասալքութեան եւ զէնք յափշտակելու մեղադրանքներուն համար 10 տարուան բանտարկութեան պատիժ ստացած էր: