«Վերաքննիչ դատարանն Արմէն Աշոտեանի նկատմամբ սահմանել է վարչական հսկողութեան բաւականին խիստ տարբերակ»։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան» փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի փաստաբան Տիգրան Աթանէսեանը։
Փաստաբանը յայտնած է, որ դատարանի որոշմամբ Արմէն Աշոտեանը պէտք է չբացակայի իր բնակութեան վայրէն 22:00-էն մինչեւ 08:00-ն: Շաբաթական 3 անգամ պէտք է այցելէ փորձաշրջանի ծառայութիւն գրանցուելու համար։ Աշոտեանին արգիլած են հաղորդակցուիլ գործով դեռ չհարցաքննուած վկաներու հետ: Բացի այդ կը պահպանուին գրաւը եւ բացակայելու արգելքը:
«Դժուար է անուանել լիարժէք «ազատութիւն»»,- գրած է փաստաբանը:
Օգոստոս 1-ին դատարանի որոշմամբ Արմէն Աշոտեանի տնային կալանքը փոխարինուած էր վարչական հսկողութեամբ։