image
Հրատապ լուրեր:

Վագըֆգիւղի կիներու «քօօփերաթիֆ»ը մասնակցած է Ամանորեան տօնավաճառի

Վագըֆգիւղի կիներու «քօօփերաթիֆ»ը մասնակցած է Ամանորեան տօնավաճառի

Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի՝ Վագըֆգիւղի մէջ գործող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կապուած կիներու համախմբման անդամները մասնակցած են Ամանորեան տօնավաճառի մը, սարքուած՝ Կալաթափորթ բացօթեայ առեւտուրի կեդրոնին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Մեր ընթերցողներուն ծանօթ է որ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի՝ Վագըֆգիւղի մէջ տարիներէ ի վեր կը գործէ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցին կապուած կիներու քօօփերաթիֆ մը։ Այդ խումբի անդամները այս օրերուն կը մասնակցին Ամանորեան տօնավաճառի մը, սարքուած՝ Կալաթափորթ բացօթեայ առեւտուրի կեդրոնին մէջ։ Տօնավաճառը, ուր իրենց յատուկ տաղաւարներն ունին կիներու 101 քօօփերաթիֆներ, բաց պիտի մնայ մինչեւ վաղը՝ 21 Դեկտեմբեր։

Այս տօնավաճառը կը միաւորէ 44 նահանգներէն եւ գլխաւորաբար 2023ի երկրաշարժներու գօտիէն 101 քօօփերաթիֆներու արտադրութիւնը։ Վաճառքի հանուած են Նոր տարուայ նուէրներ, զարդեր, ինչպէս նաեւ տնային գործածութեան իրեր ու բնական սննդամթերք։

Յիշեցնենք որ Վագըֆգիւղի կիներու քօօփերաթիֆը պաշտօնապէս հիմնուած է 2021ին, բայց 2005էն ի վեր այդ գիւղի բնակիչ խումբ մը կիներ արդէն արտադրութիւն ունէին։ Անոնք կը պատրաստէին ընկոյզի անոյշ, նռան օշարակ, չորթան, դափնիի տերեւի օճառ, լոլիկի ու պղպեղի մածուկ, եւայլն։