image

Վագիֆ Խաչատրեանի հարցով ՄԻԵԴ մերժած է Հայաստանի դիմումը

Վագիֆ Խաչատրեանի հարցով ՄԻԵԴ մերժած է Հայաստանի դիմումը

Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը մերժած է Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի դէմ Վագիֆ Խաչատրեանի վերաբերեալ նոր ժամանակաւոր միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջը: Այս մասին յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցչի գրասենեակը:

Միեւնոյն ժամանակ Դատարանը իր որոշման մէջ նշած է, որ կը շարունակէ ուժի մէջ մնալ դեռ 2020 թուականի 29 սեպտեմբերին կիրառուած եւ նոյն թուականի 3 նոյեմբերին ընդլայնուած միջանկեալ միջոց կիրառելու որոշումը, որու ուժով Ատրպէյճանը կը պարտաւորուի կատարել իր համաձայնագրի պարտաւորութիւնները։

Եւրոպական դատարանը պարտաւորեցուցած է նաեւ Ատրպէյճանին տեղեակ պահել Վագիֆ Խաչատրեանի ընդհանուր վիճակի եւ ընթացող քրէական վարոյթի մասին։