Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ 25 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ համաժողովրդական հանրահաւաք:
Հանրահաւաքը պիտի մեկնարկի ժամը 14:00-ին: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը:
Յիշեցնենք՝ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը համաժողովրդական հանրահաւաք հրաւիրած էր 17 դեկտեմբերին, սակայն աւելի ուշ յայտարարած է, որ հանրահաւաքէն առաջ պիտի այցելէ Արցախի տարբեր շրջաններ, հանդիպումներ պիտի ունենայ բնակիչներու հետ, որմէ ետք նոր պիտի կազմակերպեն հանրահաւաքը:
