Վաղը անհնազանդութեան, անհամաձայնութեան խաղաղ գործողութիւններ պիտի իրականացուին Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ՝ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ հանրահաւաքի ժամանակ տեղեկացուցած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը։
Հանրահաւաք նախատեսուած չէ: «Ես անձամբ տարբեր մասնագիտական խմբերի հետ, փորձագիտական խմբերի հետ քննարկելու եմ մեր առաջիկայ անելիքները»,-ըսած է Բագրատ Սրբազանը:
«Մեր անելիքները պէտք է լինեն շատ թիրախային, շատ հանդարտ, շատ ուղիղ, շատ կազմակերպուած, եւ մենք կը յաղթենք»,-նշած է Տաւուշի թեմի առաջնորդը:
«Ոչ ոք մեզ օրակարգ չի թելադրելու, մենք մեր օրակարգով ենք առաջ շարժուելու, այդ օրակարգից դուրս չենք գալու, ինչքան էլ փորձեն մեզ շեղել: Մեր շարժումն ընդամէնը ինքնամաքրման մասին է, պատիւ ու հայրենիք ունենալու մասին է», — աւելցուցած է Բագրատ Սրբազանը:
Կիրակի ժամը 18:30-ին կրկին հրաւիրած է հանրահաւաքի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ՝ որոշակի գործողութիւններ քննարկելու համար: