Իրաքեան Քիւրտիստանի Տըհոք քաղաքին մէջ օրերս իւրայատուկ միջոցառում մը տեղի ունեցած է. Համայնքի պաշտօնական մարմիններ պատուած են Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն ջարդէն ճողոպրած մեր հայրենակիցներուն տեղ տուած քիւրտ քաջյայտնի գործիչ Հազէմ բէկ Շամանտի թոռնիկը՝ Նիժեար Հազէմ բէկ Շամանտ աղան։
Այս մասին վերահասու կ՚ըլլանք Տըհոքի ազգային մարմիններէն։
Հանդիսութեան ներկայ եղած են Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Տիար Երուանդ Ամինեան, Տըհոքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան եւ պատասխանատու ազգայիններ։
Միջոցառման ընթացքին հնչած են շնորհակալական խօսքեր, իսկ աւարտին Նիժեար Հազէմ բէկին տրուած է այս առթիւ պատրաստուած պատուոյ գիր։
Ուշագրաւն այն է, որ Տըհոքի մեր հայրենակիցները գլխաւորութեամբ Տ. Մասիս Քահանային, կարեւոր աշխատանք կը տանին ամրացնելու եւ պահպանելու համար հայ-քրտական յարաբերութիւնները։