Տուտուկը հայկական ամենահին երաժշտական գործիքն է, որ կը վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն: Այն կը մասնակցի համաշխարհային նուագախումբերու ելոյթներուն եւ ընդհանրապէս բոլորովին մենակատարութեամբ: Զայն կոչած են «Ծիրանենիի ոգին» որովհետեւ պատրաստուած է այդ ծառէն, եւ կը պահպանէ ձայնի մաքրութիւնը:
Սահակեանի նուագը փոխանցեց մեզի իրենց երկրի վիշտը, վիշտ մը, որ անմոռանալի դարձած է ժամանակի ընթացքին եւ փորագրուած հայերու եւ եգիպտահայ համայնքի յիշողութեան մէջ, որոնք հակառակ իրենց գեղեցկութեան եւ կեանքի հանդէպ տածած սիրոյն կը կրեն մեծ ցաւ ու տառապանք:
Օրեր առաջ «Արեւելք» անդրադարձած էր Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպանութեան կազմակերպած երաժշտական երեկոյին, որ տեղի ունեցած էր հայ-եգիպտական դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուելու երեսունամեակին առթիւ՝ Եգիպտոսի Օփերայի սրահին մէջ:
Նշեալ երաժշտական երեկոյին մասնակցած էր Հայաստանի Cadence նուագախումբը: Վերջինիս կատարումներուն ի տես զմայլած են ներկաները, ի մասնաւորի եգիպտացի յայտնի երաժիշտ՝ Օմար Խէյրաթի կատարած «Ֆաթիմա» ստեղծագործութիւնով, որ ներկայացուած է հայկական տուտուկով: Այս մասին գրած է եգիպտացի լրագրող՝ Մոհամատ Ամին Ալ Մասրի իր յօդուածին մէջ «Ֆաթիմայի բառերը ... եւ հայկական տուտուկը» խորագրով։
Յօդուածագիրը գրած է,- «Վարժ ենք ունկնդրելու երաժիշտ՝ Օմար Խայրաթի ստեղծագործութիւնը իր իսկ երաժիշտին կողմէ, բայց այս անգամ լսեցինք հայկական Cadance նուագախումբի կատարողութեամբ, որ հիանալիօրէն ներկայացուց երաժշտական զանազան ստեղծագործութիւններ, Հայաստանի դեսպանատան կազմակերպած երեկոյի ընթացքին, որ նուիրուած էր Եգիպտոսի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու հաստատման երեսունամեակին, Խորհրդային Միութենէն Հայաստանի անկախանալէն ետք 1992 թուականին :
Սքանչելին Ֆաթիմայի այս անգամուայ կատարումին մէջ այն էր, որ դաշնամուրը չէր մենակատարը ինչպէս Խայրաթի համերգներուն, այլ բոլոր գործիքները իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին, կիթառը՝ Cadance-ի ղեկավար՝ Յակոբ Ջաղացպանեանի կատարումով, ջութակը՝ ջութակահար Վարազդատ Խաչումեանի, ձեռնադաշնակը՝ Մերուժան Եկանեանի, Դաշնամուրը՝ Սոֆի Միքայէլեանի, եւ քոնթըրպասը՝ Գուրգէն Ամիրեանի, ապա կու գար տուտուկի մասնակցութիւնը Արշակ Սահակեանի կատարողութեամբ: Տուտուկը եգիպտական սրինգի նման գործիք մըն է, որ աւելի ուժեղ շունչ կը պահանջէ:
Եգիպտացի հանրայայտ լրագրող՝ Մոհամատ Ամին Ալ Մասրի
Աշխարհի ամէնէն նշանաւոր տուտուկահար՝ Ջիւան Գասպարեան, որ համաշխարհային ճանաչում տուած է հայկական տուտուկին, ըսած է,- «ան որ մտիկ կ'ընէ տուտուկը, կարծես մտիկ կ'ընէ լեռներու երգերը եւ ծառերու երկխօսութիւնը, երեխաներու ուրախութիւնը, հարսանեկան խնճոյքները եւ տարեցներու լացը», նախընտրեցի այս արտայայտութիւնը նկարագրելու համար այս հրաշալի գործիքը, որ նման է տխուր սրինգին: Հազիւ Արշակ Սահակեան կը մօտեցնէր զայն շրթներուն, կարծես կը վերածուէի տխուր մարդու մը, որ դառնութեան համը կը զգայ, մանաւանդ որ անոր դէմքի արտայայտութիւնները եւս տխրութիւն կը յուշէին: Այս յուզմունքները զիս անմիջապէս կը տանէին «Կնքահայրը» շարժանկարի մթնոլորտին, երբ դիտեցի զայն Սիկիլիոյ մէջ։
Հետեւաբար «Ֆաթիմա» ստեղծագործութիւնը կը համապատասխանէր Սահակեանին, որ այնքան գերազանցօրէն կատարեց, բայց այդ չխանգարեց, որ ան ջերմ մթնոլորտ սփռէ իր նուագով: Կը կարծեմ, որ ներկաներն ալ պիտի համաձայնին, որ Սահակեան որքան ֆիզիքական ջանք կը թափէր իր նուագին համար, եւ որ ակնյայտ էր իր այտուցուած այտերու ընդմէջէն:
Տուտուկը հայկական ամենահին երաժշտական գործիքն է, որ կը վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն: Այն կը մասնակցի համաշխարհային նուագախումբերու ելոյթներուն եւ ընդհանրապէս բոլորովին մենակատարութեամբ: Զայն կոչած են «Ծիրանենիի ոգին» որովհետեւ պատրաստուած է այդ ծառէն, եւ կը պահպանէ ձայնի մաքրութիւնը:
Սահակեանի նուագը փոխանցեց մեզի իրենց երկրի վիշտը, վիշտ մը, որ անմոռանալի դարձած է ժամանակի ընթացքին եւ փորագրուած հայերու եւ եգիպտահայ համայնքի յիշողութեան մէջ, որոնք հակառակ իրենց գեղեցկութեան եւ կեանքի հանդէպ տածած սիրոյն կը կրեն մեծ ցաւ ու տառապանք:
«Արեւելք»ի համար թարգամանեց Թ.Գ.
Յիշեցնենք նաեւ, որ նիւթը (արաբերէնով) տեղադրուած էր Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի պաշտօնական էջին վրայ։