image

Տոնպասի մէջ իրավիճակը լարուած է

Տոնպասի մէջ իրավիճակը լարուած է

Ուքրանիոյ ազգային ոստիկանութիւնը տեսանիւթ հրապարակած է` պնդելով, որ երկրին արեւելքը իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը ենթարկուած է հրետակոծութեան, որուն հետեւանքով բնակելի տուներէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկուած է:

Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Լուկանսքի մէջ արկեր ինկած են մանկապարտէզի շէնքի վրայ, երկու աշխատակից վիրաւորուած է:

Ռուսամէտ անջատականները կը հերքեն մեղադրանքները` պնդելով, որ ուքրանական կողմէ սաստկացած են հրետակոծութիւնները, եւ մանկապարտէզին շէնքը վնասուած է ուքրանացիներու կրակի հետեւանքով:

Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող ԵԱՀԿ վերահսկողական առաքելութեան ղեկավար Եաշար Չեւիք ըսած է, որ շփման գիծի երկայնքով Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի 500 պայթում արձանագրուած է, որմէ յետոյ անոնց թիւը նուազած է` հասնելով երեք տասնեակի:

Երէ հրետակոծութիւնները շարունակուած են:

Ռուսաստանի կողմէ Ուքրանիա ներխուժելու վտանգի լոյսին տակ Տոնպասի իրավիճակի սրացումը ա՛լ աւելի կը սրէ արդէն լարուած իրավիճակը: