image

Ծերակոյտը մնաց Դեմոկրատներու ձեռքը

Ծերակոյտը մնաց Դեմոկրատներու ձեռքը

Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութիւնը պահպանեց Ծերակոյտին մէջ իր մեծամասնութիւնը, երբ դեմոկրատ թեկնածու Քեթրին Քորթեզ Մասթօ Նեւատայի մէջ յաղթանակ արձանագրելով՝ վերընտրուեցաւ Ծերակոյտի անդամ:

Նախապէս Արիզոնայի մէջ Մարք Քելի եւս յաղթանակ մը արձանագրած էր։

Այժմ յայտնի է, թէ 100 անդամ ունեցող յաջորդ Ծերակոյտին մէջ, դեմոկրատ անդամներուն թիւը արնուազն 50 պիտի ըլլայ եւ նկատի ունենալով, որ Ծերակոյտին մէջ քուէարկելու իրաւասութիւն ունեցող փոխնախագահը եւս դոմոկրատ է, դեկոմրատները յառաջիկայ 2 տարիներուն պիտի կարենան պահպանել իրենց մեծամասնութիւնը, որոշ չափով դիւրացնելով նախագահ Ճօ Պայտընի աշխատանքը։

Ճորճիա նահանգին մէջ, 6 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Ծերակոյտի կրկնակի ընտրութիւնը պիտի յստակացնէ 100րդ աթոռին տէրը։

«Այն, ինչը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ պատմական է, եւ տակաւին կը սպասենք Ներկայացուցիչներու տան վերջնական արդիւնքին», յայտարարեց Սպիտակ տունը:

Ներկայացուցիչներու տան պարագային, ցարդ յստակ է, թէ հանրապետականները յաջորդ նստաշրջանին ունին 212 աթոռներ, իսկ դեմոկրատները՝ 204։ 218 աթոռ պէտք է մեծամասնութեան տիրանալու համար։