Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Հրատապ.Հրեայ ծայրայեղականը կը թքէ Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքի գլխաւոր դռներէն մէկուն ուղղութեամբ։ Ան նոյն պահուն եւ նայելով դէպի տեսախցիկները հայհոյալից շարժումներ կ՚ընէ արտայայտելով իր ատելութիւնը Հայոց հանդէպ։
Հայոց վանքի պատասխանատու մարմինները դէպքին մասին տեղեակ պահած են շրջանի ոստիկանութեանը եւ այդ առթիւ ալ յարուցուած է քրէական գործ ու ընթացք առած է հետաքննութիւն։
Ճիշդ է, որ առաջին անգամը չէ, որ նման դէպք կը պատահի, սակայն երկար ժամանակէ ի վեր նման դէպքեր չէին կատարուիր, ինչքան կը յիշեմ, վերջին անգամ (առնուազն երեք ամիս առաջ) հրեայ ծայրայեղականներ վանքին մօտէն անցնելով բարձր գոռալներով մօտեցած էին վանքի գլխաւոր դարպասէն եւ այդ ժամանակ պատրուակը ֆութպոլի խաղէն վերադառնալն էր։
Նշեմ նաեւ, որ դէպքէն ժամեր անց շրջանի հրէական համայնքի տարբեր ներկայացուցիչներ յայտնած են իրենց զօրակցութիւնը դատապարտած են քստմնելի եւ վիրաւորական արարքը։
Յ.Գ. Տեսանիւթին տիրացած եմ ԶԼՄ-ներու միջազգային անուն ունեցող կայանի մը մէջ գործող արաբ գործընկեր լրագրող մը։
Եւ անշուշտ մէկ խօսք ունիմ ըսելիք՝ ԱՄՕԹ։