Ասօր առաւօտուն նոր միջադէպ մը գրանցուած է Արցախի Շուշի քաղաքի վարին հատուածին վրայ գտնուող յենակէտին մօտ։
Այս մասին տեղեկութիւնը քաղեցինք Times.am կայքէն։
Մանրամասնութեանց մէջ կը հաղորդուի, որ օրեր առաջ աշխատանքի պահուն ատրպէյճանեան կրակով սպաննուած հայ քաղաքացիի եղբայրը մեծ բեռնակարգով մօտեցած է Ատրպէյճանեան բանակի դիրքին ու անոնց կողմը ձեռնառումբ մը նետած ու հեռացած է։
Գրանցուած է կրակոց սակայն մինչեւ այս պահը յստակ տեղեկութիւններ չկան տուժածներու մասին։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ ռուս խաղաղապահները կը հետեւին իրավիճակի ընթացքին ու պահ մը ճանապարհները փակելէ ետք վերաբացած են զանոնք։