image

Ծանր հարուած Հալէպի արեւելքը. Կան տասնեակ զոհեր

 Ծանր հարուած Հալէպի արեւելքը. Կան տասնեակ զոհեր

 Երէկ երեկոյ Հալէպի շրջակայքը թիրախ դարձած է իսրայէլեան օդուժի հարուածներուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։

 Աղբիւրը կը նշէ, որ իսրայէլեան հարուածներուն հետեւանքով զոհուած  14 անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորներ։ 

 

Լրատուական աղբիւրներ, որ լուրը հաղորդած են այլ մանրամասնութիւններ չեն նշած եղածին վերաբերեալ։ Ի դէպ  աւելի վաղ   Իսրայէլ հարուածներ տուած էր  սուրիական Պանիաս քաղաքին, ուր  զոհուած էր փոքրիկ մը եւ վիրաւորուած էին տասնեակ քաղաքացիներ։

=Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Կազայի պատերազմին սկիզբէն ի վեր այս առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ հարուածներ կը հասցնէ Սուրիոյ, մասնաւորապէս թիրախ դարձնելով այդ երկրին մէջ գտնուող իրանեան կէտերը, կամ Իրանի մերձ ուժերու կեդրոնատեղիները։