image

Տնային կալանք եւ 20 միլիոն դրամ. Պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին մամլոյ խօսնակ՝ Գէորգ Ալթունեանի դէմ տնօրինում

Տնային կալանք եւ 20 միլիոն դրամ. Պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին մամլոյ խօսնակ՝ Գէորգ Ալթունեանի դէմ տնօրինում

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատւութեան վարչութեան նախկին պետ Գէորգ Ալթունեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրել տնային կալանքը, ինչպէս նաեւ անոր նկատմամբ կիրառուած է 20 միլիոն դրամի չափով գրաւ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը:

Աւելի վաղ Քննչական կոմիտէն հաղորդած էր, որ պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով խումբի կողմէ խարդախութեամբ առանձնապէս խոշոր չափերով՝ ընդհանուր 106.3 միլիոն հհ դրամ յափշտակելու եւ պաշտօնէական կեղծիք կատարելու համար ձերբակալուած էր 5 անձ:

«Նախաքննութեամբ պարզուել է, որ Գ.Ա.-ն, զբաղեցնելով ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերի վարչութեան պետի պաշտօնը, հանդիսանալով պետական մարմնում մշտապէս կազմակերպական-տնօրինչական գործառոյթներ իրականացնող պաշտօնատար անձ եւ սահմանուած կարգով նշանակուած լինելով ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կարիքների համար 2019, 2020 եւ 2021 թուականներին կազմակերպուած N ծածկագրերով թուով երեք գնման ընթացակարգերում պատասխանատու ստորաբաժանման ղեկավար, պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով «Էլ …» ՍՊ ընկերութեան տնօրէն Ա.Բ.-ի հետ նախնական համաձայնութեամբ, խմբի կազմում, «Նոր …» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն, «DASARAN.AM» ապրանքային նշանի սեփականատէր Ս.Ա.-ի եւ գնումների յայտերը նախագծած անձանց՝ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերի վարչութեան ՎՏԱ բաժնի պետ Կ.Պ.-ի եւ նոյն վարչութեան գլխավոր մասնագէտ Ա.Ա.-ի օժանդակութեամբ, պաշտօնական փաստաթղթերում մտցրել են ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններ եւ խաբեութեան եղանակով, շահադիտական նպատակով, 2019-2021 թուականների ընթացքում պետութիւնից յափշտակել առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 106.300.000 ՀՀ դրամ:

Առերեւոյթ յանցաւոր արարքներ կատարելու համար 2023 թուականի սեպտեմբերի 15-ին ՀՀ նախկին քրէական օրէնսգրքի 178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 314-րդ յօդուածի 1-ին մասով մեղադրանք է ներկայացուել ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերի վարչութեան նախկին պետ Գ.Ա.-ին, ՀՀ նախկին քրէական օրէնսգրքի 178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 38-314-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝ «Էլ …» ՍՊ ընկերութեան տնօրէն Ա.Բ.-ին, ՀՀ նախկին քրէական օրէնսգրքի 38-178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ «Նոր …» ՀԿ տնօրէն Ս.Ա.-ին, ՀՀ նախկին քրէական օրէնսգրքի 38-178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 38-314-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերի վարչութեան կազմակերպչական բաժնի պետ Կ.Պ.-ին, նոյն վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Ա.Ա.-ին»-նշուած է Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։