Նշենք, որ Սէրա Լիբանանէն Միացեալ փոխադրուած եւ այնտեղ հաստատուած ծնողներու միակ դուստրն էր եւ նոր սկսած էր յաճախել Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանը։
Օրերս ծանր արկածի հետեւանքով իր կեանքը կորսնցուցած է Լոս Անճելըսի հայկական համայնքի անդամ երիտասարդուհի՝ Սէրա Այնթէպլեանը։
Այս մասին «Արեւելք» առաջինը իմացաւ Սէրայի երկար տարիներու հայերէն լեզուի ուսուցչուհի՝ Լիզա Ճիկէրեան-Մանոյեանէն։
Կը նշուի նաեւ, որ 20-ամեայ Սէրայի ինքնաշարժը հատուած էր երկուքի, երբ ան կորսնցուցած էր ինքնաշարժի կառավարումը, որ զառնուած էր «թիւ 101 մայրուղի» անունով ճանչցուած արագագնաց ճանապարհի եզրին։
Հայուհին տեղւոյն վրայ մահացած է եւ ոստիկանութեան մարմիններ դէպքի վայր հասած են քննութիւններ կատարելու նպատակով։
Ի դէպ Սէրայի տխուր մահուան առթիւ մանակամարդ հայուհիի մասին կարճ գրառում մը կատարած է վերջինիս ուսուցչուհին ու մասնաւորաբար գրած՝
«Սեւ ճակատագիրը հարուածեց իմ սիրելի բարեկամներս՝ Ժանոն եւ Ճէնին, որոնց միակ դուստրը՝ աշխատասէր, հայրենասէր, հայասէր, խելացի տիպար իմ սիրելի աշակերտուհիս՝ Սէրան, ինքնաշարժի անողոք արկածով մը, շատ կանուխ՝ 20 գարուններ հազիւ բոլորած, բաժնուեցաւ մեզմէ այսօր վաղ առաւօտեան։ Ամոքելու եւ սփոփելու խօսքեր չունիմ իր ծնողքին եւ համայն Այնթէպլեան ընտանիքին, որոնց միակ թոռնուհին էր։ Աստուած լոյսերու մէջ պահէ այս հրեշտակին հոգին»։
Նշենք, որ Սէրա Լիբանանէն Միացեալ փոխադրուած եւ այնտեղ հաստատուած ծնողներու միակ դուստրն էր եւ նոր սկսած էր յաճախել Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանը։
Սէրայի մահը հանրութեան քննարկման մեծ թեմա դարձած է, իսկ դէպքին մասին յատուկ ռէբորթաժ մը պատրաստած է Լոս Անճելըսի CBS հանրայայտ կայանը։