image

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին դարձեալ աւերուած

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին դարձեալ աւերուած

Անյայտ անձինք ներխուժած եւ աւերած են Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին:

«Չարագործները զինուած եղած են մուրճերով եւ վնասներ հասցուցած են եկեղեցւոյ շէնքին», - Rusarminfo-ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ «Ալ-Մոնիթոր» մերձարեւելեան լրատուամիջոցը, վկայակոչելով հայկական եկեղեցւոյ վերակացու Արմէն Տեմիրճեանին:

Աւելի վաղ կը հաղորդուէր, որ անյայտ անձինք սրբապղծած են Տիարպէքիրի հայկական եկեղեցին: Տաճարի խորանը աւերուած է, իսկ քրիստոնեայ սուրբերու պատկերներով կտաւները պատռտած են: