Օրերս Յունաստանի Կիլիկեան Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան Առաջնորդարանի գրասենեակէն ներս ընդունած է Գերման եւ Մարոնի եկեղեցիներու հոգեւոր ներկայացուցիչ-հայրերը։
Ստորեւ տարածուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2024-ին Թեմիս Առաջնորդ՝ Գրպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Առաջնորդարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Աթէնքի Գերման եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Ներսէսը եւ Մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւորդ տեսուչ Հայր Ճոզէֆ Թարթաքը: Հայր Ճոզէֆ նախ խօսեցաւ Մարոնի համայնքի իրավիճակի մասին ապա քննարկուեցան Յունաստանի մէջ երկու համայնքներու համագործակցութեան եւ միջ-եկեղեցական կապերու հեռանկարները: Առաջնորդ Հայր Սուրբը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այցեծութեան համար եւ շնորհաւորեց Սուրբ Ծնունդը եւ Ամանորը: