Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցին Հայաստանի Աբովեան շրջանին մէջ նշեց նոր տարածքի օրհնութեան եւ հովիւի քարոզչութեան արտօնութեան շնորհման երկու առիթները:
Հայաստանյայց Աւետարանական եկեղեցին Աբովեանի մէջ դարձաւ Աստուծոյ հաւատարմութեան վկայութիւն մը։ Ութ տարի շարունակ եկեղեցին ծառայութիւն կը մատուցեր մի քանի քառակուսի մեթր վարձուած տարածքի մը վրայ։ Տարիներու ընթացքին համայնքը մեծցաւ, եւ տարածքը այլեւս բաւարար չէր։ Տիրոջ եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) աջակցութեամբ ՀԱԵ-ն տեղափոխուեցաւ, վարձելով աւելի ընդարձակ եւ յարմար տարածք մը, որ առիթ պիտի ընծայԷր կազմակերպելու եկեղեցական ծառայութիւններ։
15 Դեկտեմբեր, 2024-ին փառաբանութեան պաշտամունք տեղի ունեցաւ, կատարելու նոր տարածքի օրհնութիւն, ինչպէս նաեւ հովիւի քարոզչութեան արտօնութեան շնորհում:
Պաշտամունքը սկսաւ ՀԱԵ Աբովեանի հոգեւոր հովիւ Արմէն Միսակեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան ներկայացուց տօնական առիթը եւ բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, ապա պաշտամունքի կոչ ուղղեց եւ աղօթեց։ Փառաբանութեան բաժնէն ետք ՀԱԵ Հոգեւոր Խորհուրդի փոխնախագահ եւ Հովուական յանձնախումբի ատենապետ վերապատուելի Գեորգ Գասպարեան ստանձնեց Արմէն Միսակեանի քարոզչութեան արտօնութիւն շնորհելու արարողութեան պատասխանատուութիւնը։
Վեր. Գասպարեան օրը բացառիկ համարեց՝ նշելով.
«Ամէն օր Տիրոջ փառք տալու առիթներ ունինք, բայց այսօր առանձնայատուկ երկու առիթ ունինք՝ նոր տարածքի օրհնութիւնը եւ ընտանիքի մը, որ որոշած է ծառայել Տիրոջ։ Նայելով աշխարհի ձգտումներուն՝ այսպիսի որոշում կայացնող մարդը կը թուի իրականութենէ կտրուած ըլլալ։ Բայց ես Արմէնին կանուխէն կը ճանչնամ. ան ուսումը ստանալով նուիրուեցաւ Աստուծոյ ծառայութեան, անցաւ շատ մը դժուարութիւններէ, կատարեց իրեն յանձնարարուած բոլոր առաջադրանքները հաւատարմօրէն։ Այսօր, ՀԱԵ Հոգեւոր Խորհուրդի հաստատումով, ան կը ստանայ քարոզչութեան եւ եկեղեցական արարողութիւններ կատարելու արտօնութիւն։ Այսուհետեւ կրնաք անոր պատուելի կոչել»։
Ապա ան կոչ ուղղեց համայնքին քաջալերել եւ զօրավիգ կանգնիլ հովիւին՝ նշելով, որ անոր թէ՛ յաջողութիւնը եւ թէ՛ անյաջողութիւնները ամբողջ համայնքին կը պատկանին։ Վերապատուելի Գասպարեան աղօթեց պատ. Արմէն Միսակեանի, անոր ընտանիքին, եւ ծառայութեան մէջ հաստատակամ մնալու համար։
Պաշտամունքը շարունակուեցաւ խոստովանութեան երգով եւ հովուական աղօթքով, առաջնորդութեամբ՝ ՀԱԵ աւագ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Աւետիք Խաչատրեանի, որ նախապէս Աբովանի եկեղեցւոյ հովիւն էր եւ անձամբ ծանօթ համայնքի դժուարութիւններուն: Ան փառք տուաւ նոր տարածքին համար եւ աղօթեց որ օրհնութիւն դառնայ ինչպէս համայնքին, նոյնպէս համայնքէն դուրս եղողներուն համար, եւ ծառայէ Աստուծոյ փառքին եւ Անոր Խօսքի անաղարտ մատակարարման։ Վեր. Խաչատրեան յիշեցուց. «Եկեղեցին շէնքը չէ, այլ դուք էք, բայց լաւ ու յարմարաւէտ պայմանները թող լաւ առիթներ դառնան ալ աւելի հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայելու»։
Պաշտամունքի ընթացքը առաջնորդեց պատուելի Արմօ Արզումանեան, որ հինգ տարի շարունակ առաջնորդ հովիւը եղած էր Աբովեանի մէջ ՀԱԵ համայնքին։ Ան իր խօսքը սկսաւ Ա Պետրոս 3-րդ գլխուն առաջին համարներով՝ ընդգծելով Աստուծոյ որդի ըլլալու մեծ շնորհքը ու հաւատքի զօրութիւնը։
Պաշտամունքի օրուայ պատգամաբերը ՀԱԵ Հոգեւոր Խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Վարդան Ափինեանն էր։ Հետեւելով Գալստեան շրջանին մէջ եկեղեցւոյ մէջ քարոզուող նիւթերուն բացատրութեան՝ վեր. Ափինեան անդրադարձաւ Եսայի 9.6 համարին մէջ Յիսուսի մասին մարգարէութեան մէջ հնչող «Սքանչելի Խորհրդական» տիտղոսին։ Անոր պատգամը, որու վերնագիրն էր «Իշխանութիւնը Անոր ուսերուն վրայ է», բաղկացած էր երեք հիմնական կէտերէ.
Մանուկ ծնաւ, Որդի տրուեցաւ. այսինքն՝ Աստուած մարդացաւ՝ շարունակելով մնալ կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ։
Որդին իշխանութիւն ունի. Տիրոջ թագաւորութիւնը յաւերժական է, եւ այնտեղ հասնելու միակ ուղին Յիսուս Քրիստոսն է։
Սքանչելի Խորհրդական. Տիրոջ խորհուրդները գերազանց են, կ’առաջնորդեն փրկութեան եւ կ’օգնեն կեանքի ցանկացած իրավիճակին ճիշդ որոշումներ կայացնելու։
Վերապատուելի Ափինեան յիշեցուց, որ Տիրոջ առաջնորդութեան հետեւելու համար ոչ թէ պարզապէս պէտք է կոչուինք քրիստոնեայ, այլ քրիստոնեայ կը կոչուինք՝ ապրելով Աւետարանը։
Պաշտամունքի աւարտին պատ. Արմէն Միսակեան եւ վեր. Գեորգ Գասպարեան մատակարարեցին Սուրբ Հաղորդութիւն։ Պաշտամունքէն ետք Աբովեանի ՀԱԵ հոգաբարձութիւնը տարբեր տարիներու առնուած լուսանկարներէն տեսանիւթով պատմական ակնարկ մը կատարեց։
Աբովեանի մէջ ՀԱԵ-ի պատմութիւնը սկիզբ կ’առնէ 2000 թուականին, երբ խումբ մը քոյրեր սկսած էին հոգեւոր ծառայութիւն մատուցել քաղաքի ծերերուն եւ ծնողազուրկ մանուկներուն։ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան աջակցութեամբ ստեղծուեցան խմբակներ եւ կիրակնօրեայ դպրոց։ Ժամանակի ընթացքին համայնքը մեծցաւ, եւ սկսաւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ ձեւաւորումը։ Տարբեր տարիներու ընթացքին եկեղեցւոյ հովուական ծառայութիւններ մատուցած են շարք մը ծառայողներ ու հովիւներ։ Յունուար 2024-էն ի վեր եկեղեցւոյ հովիւն է պատ. Արմէն Միսակեան։