image

Տիգրան Աւինեան ընտրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետց

Տիգրան Աւինեան ընտրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետց

Տիգրան Աւինեանն ընտրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետ՝ աւագանիի 32 կողմ, 5 դէմ ձայներով։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած Տիգրան Աւինեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկեցին նաեւ «Հանրապետութիւն» խմբակցութեան աւագանիի անդամները։

Սեպտեմբեր 17-ին կայացած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ձայներու մօտ 19 եւ 15,5 տոկոսը ստացած «Ազգային առաջընթաց» եւ «Մայր Հայաստան» խմբակցութիւնները չէին մասնակցած նիստին։ Անոնք առաջարկած էին չմասնակցիլ նիստին ու քուորում չապահովել եւ երթալ աւագանիի նոր ընտրութիւններու։ Ի հակադրումն ասոր՝ «Հանրային ձայն»-ը մասնակցեցաւ եւ քուորում ապահովեց՝ չնայած դէմ քուէարկեց Աւինեանի թեկնածութեան։