image
Հրատապ լուրեր:

Շըրնաքի մէջ թուրք- քրտական բախումներ. Կան զոհեր

Շըրնաքի մէջ   թուրք- քրտական բախումներ. Կան զոհեր

28 Օգոստոսին առաւօտեան Թուրքիոյ Շըրնաք նահանգի Ուլութերէ շրջանին մէջ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) զինեալներու յարձակման հետեւանքով ճանապարհային շինարարական աշխատաքներ իրականացնող բանուորներ զոհուած են:

«Հիւրրիյէթ»-ի պնդմամբ քիւրտ զինեալներու կողմէ սպաննուած է 3 բանուոր: PKK-ականներուն յայտնաբերելու եւ վնասազերծելու համար տարածքին մէջ լայնածաւալ գործողութիւն սկսած է:

Յարձակման եւ թրքական կողմի կորուստներու վերաբերեալ յայտարարութիւն ըրած է նաեւ Շըրնաքի նահանգապետարանը:

Նշենք, որ 27 նոյեմբեր, 1978-ին ստեղծուած PKK-ն  այժմ Թուրքիոյ մէջ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Անոր դէմ գործողութիւնները կ'ընթանան թէ երկրէն ներսու, թէ՝ դուրս՝ մասնաւորապէս Հիւսիսային Իրաքի մէջ, ուր կը գտնուի քիւրտ զինեալներու գլխաւոր ռազմակայանը  ՝ Քանտիլի լեռներուն վրայ: