Պատմութեան ամօթի խրճիթներէն,
Կը բարձրանամ անցեալէն, որ արմատախրուած է ցաւով:
Սև ովկիանոս եմ՝ ցայտող և լայն,
Յորդող և ուռոցիկ ալեակներով:
Դուն կրնաս զիս արժէքազրկել՝ պատմութեան էջերուն մէջ,
Խեղաթիւրուած դառն ստերով,
Դուն կարող ես զիս տրորել կեղտի մէջ,
Բայց, դեռ փոշու պէս կը յառնեմ։
Արդեօ՞ք կարծր խօսքս կը վրդովեցնէ քեզ:
Ինչու՞ պատուած ես թախծութեամբ,
Որովհետև կը քալեմ այնպէ՜ս,
կարծես նավթի հորեր ունիմ տանս մէջ:
Ճիշդ լուսնկաններու ու արևներու նման,
Մակընթացութեան ճշմարտութեան ապաւինելով,
Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս յոյսերը բարձր կը ցայտին,
Դեռ պիտի վերընձիւղուիմ։
Կ՛ուզէիր զիս կոտրած տեսնել,
Խոնարհած գլխով ու աչքերս գետին յառած,
Ուսերս, արցունքի կաթիլներու նման վար սահած,
Թուլացած՝ յուզումնալից ճիչերէս:
Իմ խրոխտ էութիւնը քեզ կը վշտացնէ՞,
Այդքա՜ն ծանր մի՛ ընդունիր այդ մէկը,
Քանի ես կը հեգնեմ, կարծես թէ ոսկի հանքեր կը պեղեմ,
Սեփական բակիս մէջ:
Դուն կարող ես տրակել զիս խօսքերովդ,
Դուն կարող ես արհամարել զիս նայուածքներովդ,
Դուն կարող ես սպանել զիս ատելութեամբդ,
Բայց այնուամէնայնիւ, ինչպէս օդը, կրկին կը բարձրանամ :
Իմ չքնաղութիւնը քեզ կը վրդովեցնէ՞:
Արդեօ՞ք քեզ համար կը թուի անակնկալ է,
Որ կը պարեմ այնպէս, կարծես ադամանդներ կը պահեմ,
Երանգներու արանքիս:
Պատմութեան ամօթի խրճիթներէն,
Կը բարձրանամ անցեալէն, որ արմատախրուած է ցաւով:
Սև ովկիանոս եմ՝ ցայտող և լայն,
Յորդող և ուռոցիկ ալեակներով:
Յետ թողելով սարսափի և վախի գիշերները,
Կը բարձրանամ լուսաբացին ընդմէջէն,
Որ զարմանալիօրէն պայծառ է,
Բերելով այն նուէրները, որոնք ստացած եմ նախնիներէս:
Ես ստրուկի երազանքն ու յոյսն եմ,
Կը բարձրանամ,
Կը յառնեմ,
Կը Վերընձիւղուիմ:
*
Մայա Անջելու