image
Հրատապ լուրեր:

Շըրնաքի մէջ սպաննուած է ՔԱԿ-ի կին պատասխանատուներէն մին

Շըրնաքի մէջ  սպաննուած է ՔԱԿ-ի կին պատասխանատուներէն մին

2 Նոյեմբերին Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Շըրնաք նահանգին մէջ սպանուած է «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK)՝ 1978-ի ծնունդ կին զինեալ Հուլիա Էրօղլուն (Գիւլպահար կեղծանունով յայտնի): 

 
Վերջինս ըստ թրքական «Akşam» թերթի կայքի՝ ներառուած էր երկրի ամենավտանգաւոր «ահաբեկիչներու» ցուցակին մէջ: 
 
Միջանկեալ նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները PKK-ն կը համարեն ահաբեկչական կազմակերպութիւն
 
Էրօղլուի սպանութեան մասին լուրը յայտնած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը: Էրօղլուն նաեւ կը հանդիսանար PKK-ի թեւերէն մէկուն՝ «Քրտական համայնքներու միութան» (KCK) գործադիր խորհուրդի անդամներէն մէկը:

Յիշեցնենք, որ 2 նոյեմբերին Շըրնաքի մէջ Թուրքիոյ ուժայիններու կողմէ իրականացուած գործողութեան հետեւանքով սպանուած էր 31 քիւրտ զինեալ: