image

Միաւորելով երիտասարդութիւնն ու մարզական ոգին. Համահայկական ձմեռնային խաղերու ձնամարտի մրցաշարի յաղթողը Թեհրանի խումբն է

Միաւորելով երիտասարդութիւնն ու մարզական ոգին. Համահայկական ձմեռնային խաղերու ձնամարտի մրցաշարի յաղթողը Թեհրանի խումբն է

Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերու Թեհրանի խումբը կը մասնակցի երեք մրցաշարի` ձնամարտ, լեռնադահուկ եւ սնոուպորտ:

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամ եւ Իրանի ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեանը կարեւորած է խաղերու համախմբող գաղափարը:

«Իսկապէս բացառիկ են այս խաղերը, քանի որ դեռ 25 տարի առաջ, երբ ստեղծուեցան Համահայկական խաղերը, միշտ ալ մեծ ոգեւորութիւն կը տեսնենք մասնակիցներու մօտ: Այստեղ միաւորուած են երիտասարդութիւնն ու մարզական ոգին: Ձմեռնային խաղերու բարդութիւնը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ այժմ դպրոցներու եւ համալսարանի դասերու փուլ է, եւ հայկական միութիւններու անդամները չեն կրնար բաց թողել ատոնք»,-ըսած է Խալոյեանը:

Վերջինիս խօսքով` ձմեռնային երկրորդ խաղերու մասնակիցներու թիւը եռապատիկ աւելի է, քան առաջինին էր, որ կը խօսի համայնքներու հետաքրքրուածութեան մասին։

Թեհրանի ձնամարտի խումբի մարզիչ Արամազդ Բաբային, որ առաջին անգամ կը մասնակցի Համահայկական ձմեռնային խաղերուն, մեծ ոգեւորուածութեամբ կը մասնակցի ձնամարտի մրցաշարին:

«Ես ալ ընդգրկուած էի Իրանի ժայռամագլցման խումբին մէջ եւ գիտեմ սփորթի կարեւորութեան մասին: Այստեղ ձնամարտի խումբին մէջ ընդգրկուած են տարբեր մարզաձեւերու ներկայացուցիչներ` ֆութպոլէն, պասքէթպոլէն: Առաջին անգամն է, որ կը մասնակցինք ձմեռնային խաղերուն, սակայն Թեհրանի բոլոր խումբերը միշտ ալ մրցակցութիւն ապահոված են Համահայկական խաղերուն մէջ»,-ըսած է Արամազդ Բաբային:

Անդրադառնալով Համահայկական խաղերու գաղափարին՝ Թեհրանի ներկայացուցիչն առանձնացուցած է, որ հայկականութեան միջավայրի մէջ կը ստեղծուին առաւել ուժեղ կապեր աշխարհի տարբեր երկիրներէն հայրենիք ժամանած մասնակիցներու հետ:

Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերուն Իրանէն ժամանած է մէկ խումբ` Թեհրանէն, որ դարձաւ ձնամարտի մրցաշարի յաղթող:

Իսկ  2023 թուականի Համահայկական 8-րդ ամառնային խաղերուն Իրանի ամբողջական պատուիրակութեան կազմին մէջ էր մօտ 230 անձ: