Թուրքիոյ Շըրնաք-Ճիզրէ մայրուղիի հարեւանութեամբ գտնուող Քալեթեփէ ռազմակայանին մօտ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) զինեալները յարձակած են անվտանգութեան ուժերուն վրայ, որոնք կ'ապահովէին այդ շրջանին մէջ կառուցուող փապուղիի շինարարական աշխատանքներու անվտանգութիւնը:
Ըստ թրքական «Yenisafak» լրատուական կայքին, երկարափող զէնքերով քիւրտ զինեալներու յարձակման հետեւանքով սպաննուած է 2 հոգի եւ 3 գիւղի անվտանգութեան աշխատակից ալ վիրաւորուած է: Թրքական կողմը դիմած է պատասխան գործողութիւններու եւ ստիպած է, որ քիւրտ զինեալները նահանջած ն ելման դիրքեր: Տարածքին մէջ լայնածաւալ գործողութիւն սկսած է «PKK»ականներուն դէմ: