demokrathaber.org կայքը գրած է, թէ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան նախկին համանախագահ, այժմ նախագահի թեկնածու Սելահաթթին Տէմիրթաշը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ գործող նախագահ Էրտողանը այլեւս կը նմանի «սննկացած վաճառականի»։
«Ան այլեւս ոչինչով կը տարբերի սննկացած վաճառականէն»,- ըսած է Տէմիրթաշը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՞նչ ունի Էրտողանը առաջարկելու կամ խոստանալու Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներուն այսօր։
«Եթէ նման բան ըլլար՝ կը լսէինք նախընտրական ծրագրի մէջ»,- նշած է քիւրտ գործիչը։ Ան նաեւ պնդած է, որ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները այս պահին այլ ելք չունին, քան իրենց գոյութիւնը պահել ներքին ու արտաքին պատերազմներ հրահրելով։