Լիբանանը կ՚ապրի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութեանց հետաքրքրական օրեր։
Մինչ շաբաթ մը առաջ աւարտին կը հասնէին լեռնալիբանանի ընտրութիւնները, անդին վաղը (կիրակի) տեղի կ՚ունենան երկրի հիւսիսային հատուածներու, ու ապա հերթաբար Պէյրութի, Պեքաայի դաշտի ու աւարտին ալ Հարաւային Լիբանանի ընտրութիւնները։
Կայ կարծիք ի հարկէ, որ այս ընտրութիւնները քաղաքական ընտրութիւններ չեն, ու անոնք կը կազմակերպուին, ընթացք կ՚առնեն ու կը կայանան նպատակ ունենալով բարեկարգել երկրի վարչական ներուժը ու նոր թափ մը հաղորդել Լիբանանի քաղաքացիական հասարակութեան։
Բնորոշիչ է անշուշտ, որ իւրաքանչիւր երկրի պարագային ՏԻՄ ընտրութիւններուն մէջ ակնյայտօրէն «ներդրուած» կ՚ըլլան ընտանեկան-բարեկամական կապերը եւ իւրաքանչիւր աւան, գաւառակ կամ գիւղ կը նախընտրէ շարժիլ, առաջ մղուիլ հաշուի առնելով այդ մանր թուացող նրբութիւնները, որոնք սակայն ունին խորքային կապեր ու կապուածութիւններ։
Լիբանանի պարագային այս բոլորը կան, բայց եւ այնպէս այս բոլորին վրայ հարկ է աւելցնել համայնքային դրութեան գործօնը, որ կը խաղայ հիմնական դեր։
Երկրի բոլոր հատուածներուն մէջ համայնքներէն իւրաքանչիւրը ունի իր «ուժեղ» կողմերը, ներկայութիւնը եւ ներուժը։
Օրինակ, երբ կը խօսինք Լիբանանի Հարաւային շրջաններուն մասին, հարկ է հաշուի նստինք Շիիթ համայնքին հետ, որ այդ շրջաններուն մէջ կը կազմէ ջախջախիչ մեծամասնութիւն։ Նոյն տեսակէտէ հետաքրքրական պատկեր մը կը ծագի մեր դիմաց, երբ կը խօսինք լեռնալիբանանի մասին, ուր անոր կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող շրջաններուն մէջ գերակշռող կը համարուին՝ Մարոնի, յոյն ուղղափառ եւ Տիւրզի համայնքները։ Շրջանային բաժանում մը ալ գոյութիւն ունի անշուշտ այս առումով եւ այդ «համայնքային բաժանում»ը աւելի ցցուն դարձաւ Լիբանանը «արիւնլուայ» դարձուցած քաղաքացիական պատերազմը, որուն հետեւանքները տարբեր առումներով ցարդ երեւելի են բոլորին համար։
Նոյն «Հատուածական» կամ աւելի ճիշդը «Համայնքային բաժանում»ը երեւելի է Լիբանանի հիւսիսը, ուր մեծ համապատկերի մը մէջ երեւելի է սիւննի բաղկացուցիչին «ուժ»ն ու գերակայութիւնը, որ նոյնպէս իր ստուերը կը տարածէ Պեքաայի պարագային, ուր այս անգամ կարգ մը շրջաններու մէջ իրենց ներկայութիւն ազդեցիկ կը դարձնեն երկրի շիիթները։ Բոլորովին այլ է Պէյրութի պարագան, ուր մինչեւ վերջերս կը պահպանուէր «ներքին» համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ ալ մայրաքաղաքի քաղաքապետութիւնը «բաժնուած» պէտք է ըլլար հաւասարապէս քրիստոնայ եւ իսլամ ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Եւ այսօր մայրաքաղաք Պէյրութն է, որ կը համարուի ամէնէն «խնդրահարոյց» շրջանը, որովհետեւ մինչեւ այս պահը չկայ, երեւելի չէ քաղաքական առաջնորդ մը, որ կարողանայ բոլորին համոզել (մանաւանդ հաւասարութեան սկզբունքին չհաւատացող կողմերուն), որ Պէյրութին համար եւ առաւելապէս Լիբանանին համար էականը, կարեւորը, ոչ թէ թուային բացայայտ առաւելութիւն ունեցող համայնքին յաղթանակն է, այլ խորքային միասնութեան գաղափարը, որ դրական օրինակ պէտք է ծառայել ամբողջ Լիբանանին համար։
Հայերը եւս ունին իրենց արդար բաժինը այս ընտրութիւններէն ու այդ առումով Լիբանանի հայկական համայնքը հիմնուելով իր թուային ներկայութեան վրայ տիրացած է ու կը պահէ երկու քաղաքապետարաններ։
Առաջինը Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնն է (քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ) եւ երկրորդը Այնճար հայաւանի քաղաքապետարանն է,որուն քաղաքապետը մինչեւ այս փուլին հասնիլ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանն է։
Պուրճ Համուտ հայկական աւանի կապակցութեամբ հետաքրքրական այն է, որ այնտեղ հայերը (գլխաւորութեամբ մեծամասնութիւն հանդիսացող ՀՅԴ-ին) չունին մրցակից կողմ ու ատոր համար ալ անցեալ կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Պուրճ Համուտի մէջ տեղի չունեցան քաղաքապետական ընտրութիւններ, այլ միայն թաղապետական ընտրութիւններ, ուր բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ ալ առաջադրուած հայորդիները պ գրանցեցին համոզիչ յաղթանակ։
Այս բոլորէն անդին հարկ է նշել, որ Լիբանանի ՏԻՄ ընտրութիւնները, եթէ նոյնիսկ վարչական սրբագրման եւ բարեկարգման միտող ընտրութիւններ են, ապա նաեւ ունին քաղաքական տեսախորք եւ անոնք կը ծաւալին, կ՚առաջնորդուին եւ նոր էջ մը բանալով պիտի աւարտին բոլորին յիշեցնելով, որ Լիբանան թեւակոխած է բոլորովին նոր փուլ մը, եւ այդ փուլը խորագրուած է, որպէս երկրի վերակառուցման եւ վերականգնման յուսալի փուլ։
Պէյրութի «թնճուկ»ը
Վերը խօսեցայ ՏԻՄ ընտրութիւններու կարեւորութեան մասին շեշտելով անշուշտ, որ Լիբանանի մէջ «ներքին համաձայնութեան» մը սկզբունքը կը համարուի դրական աւանդ մը։ Այսօր այդ դրուածքը կ՚անցնի կարեւոր քննութիւնէ, որովհետեւ Պէյրութի մէջ մեծամասնութիւն հանդիսացող սիւննի համայնքի զաւակները շատ ալ խանդավառ չեն «հաւասարութեան» հիմունքով կայացած համաձայնութիւններով։ Անոնք կը զգան, որ անարդարուած են ու այդ մէկը «հունէ» դուրս կրնայ հանել Պէյրութի մէջ, որպէս կանոն ընկալուած «հաւասարութեան» հիմունք-սկզբունքը։
Ասոր վրայ կարող ենք աւելցնել սիւննի գլխաւոր առաջնորդ- ղեկավարի մը բացակայութեան հանգամանքը, որ բոլոր առումներով կ՚ազդէ Լիբանանի ներքին քաղաքական- ընտրական տեղաշարժերուն վրայ։
Սաատ Հարիրի «պատժուա՞ծ»
Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի քաղաքական «աւանդ»ը շարունակելու կոչուած Սաատ Հարիրիի անունը անցնող օրերուն դարձեալ շրջանառութեան մէջ էր։
Այդ «շրջանառութիւն»ը կապ ունէր, ոչ միայն Լիբանանի մէջ կայանալիք քաղաքապետական (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն հետ, այլ աւելի լայն պարունակով դիտուած Սաատ Հարիրիի քաղաքական «ճակատագրին» հետ։
Հարիրի, որ իր հօր նահատակութիւնէն ասդին (2005) կարողացաւ մեծ ինքնավստահութիւն դրսեւորել եւ մտնել Լիբանանի այնքան բարդ եւ լայն թուացող քաղաքական դռնէն ներս, այսօր յայտնուած է բարդ իրավիճակի մը առջեւ։
Ճիշդ է, որ անոր հօր «անունով» երդուող հանրութիւնը կը շարունակէ անշեղ մնալ Ռ. Հարիրիի «հիմնած» նէօ-սիւննիական գիծին, բայց եւ այնպէս բոլորս կը գիտակցինք, որ Լիբանանի նման երկրի մը պարագային անհնար է, որ հասարակութիւնը, յատկապէս քաղաքական գիծ մը որդեգրած հասարակութիւնը մնայ առանց «գլուխ»ի կամ առանց առաջնորդի։
Այս բոլորը թուարկելէ անդին յստակ է անշուշտ, որ Սաատ Հարիրի լուրջ խնդիրներ ունի Սէուտական թագաւորութեան վերին իշխանախումբին եւ յատկապէս գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլմանին հետ։
Կը յիշենք Հարիրիի հետ կատարուածը, «Ռիթց պանդոկ»ի դէպքերը (2019), անոր «կալանք»ի տակ առնուիլը ու ապա Փարիզ մեկնիլն ու հրաժարականը։
Հարիրի այն ժամանակ Լիբանանի վարչապետն էր, ունէր լայն հնարաւորութիւններ ու նաեւ շրջանային առումով ալ կը համարուէր արդար եւ իրաւ փոխանորդը իր հօր Ռաֆիք Հարիրիին։
Հակառակ Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ տեղի ունեցած ծանրակշիռ դէպքերուն, սուրիական ուժերու հեռացումին ու անկէ ետք «Հըզպալլա»ի կողմէ իրականացուած 7 Մայիսի (2008) տխրահռչակ դէպքերուն Հարիրին կարողացաւ լեզու գտնել բոլորին հետ։
Ան նոյնիսկ Դամասկոս այցելեց ու հանդիպում ունեցաւ իր հօրը սպաննութեան գործին մէջ, ինչ որ առումներով կապ ունեցող Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Աաստին հետ, բայց եւ այնպէս այդ բոլորը չօգնեցին, որ Հարիրի ճիշդ հասկնայ «Սէուտեան խաղ»ը ու նաեւ այդ երկրին մէջ պատրաստուած ու ապա ձախողութեան մատնուած «պետական հարուած»ին մասին «չպատմէ» գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլմանին...
Ու այս բոլորէն ետք պահ մը ճիշդ դիտարկենք Պըն Սալմանի այսօրուայ ուժն ու ներկայութիւնը ու անոր նժարին դնենք Սաատ Հարիրիի անունը ...
Հետեւանքը շատ ծանր է այդ բոլորին եւ Սէուտեան իրական կեցուածքին «պտուղներ»ը տակաւին երկար ժամանակով պիտի ճաշակէ նոյնինքն Սաատ Հարիրին։
Ճիշդ է, որ ան վերջերս ալ, եւ ինչպէս ամէն տարի Պէյրութ կը ժամանէր (կըսուի, որ Ս. Հարիրի ներկայիս կայք հաստատած է ԱՄԷ-ի մէջ) իր հօր յիշատակի օրուան առթիւ, բայց մեծ հաշուով մեծ արգելքներ կան, որ ան դարձեալ վերադառնայ քաղաքական ասպարէզ։
Յարգելով «խաղի կանոններ»ը Հարիրի իր հասարակութեան եւ գաղափարակիցներուն «բացատրած է» բուն պատճառները քաղաքական ընդհանուր խաղէն բացակայելու առընթեր, բայց եւ այնպէս այդ բացակայութիւնը կրնայ շատ սուղ նստիլ Սիւննի համայնքին համար...
Այս առումով է նաեւ, որ Լիբանանի սիւննիները այսօր կը համարուին «անգլուխ» մինչեւ, որ Սաատ Հարիրին ներում ստանայ, կամ ալ յայտնուի սիւննիներու նոր առաջնորդ մը, որ պէտք է վայելէ թագաւորութեան բարձր հովանին եւ վստահութիւնը...
Ուշացած է Հարիրի իր քայլերուն մէջ ու անոր մեծագոյն մեղքը, ոչ թէ Սէուտեան «կլիման» չհասկնալն է, այլ գործած սխալները ընդունելէն բացի քայլ մը ընդառաջ չերթալն է ...
Ու այդ քայլը պէտք է ըլլար ու պէտք է ըլլայ գահաժառանգ Սըլմանին դիմաց...։
Սագօ Արեան