image

Թուրքիոյ վիճակը կ՚աճեցնէ ընդդիմութեան սրտին մէջ եղող փափաքը. Բրիտանացի յօդուածագիր

Թուրքիոյ  վիճակը  կ՚աճեցնէ ընդդիմութեան սրտին մէջ եղող փափաքը. Բրիտանացի յօդուածագիր

Բրիտանական «Financial Times» թերթի յօդուածագիր Տէյվիտ Կարտնըրը «Պատմութիւնն ի վերջոյ կրնայ թակել Էրտողանի դուռը» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ վերլուծած է Թուրքիոյ նախագահ, Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան (ԱԶԿ) առաջնորդ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնը:

Կարտնըր նշած է, որ Էրտողան այժմ կը գործէ այնպէս, կարծես իր ուժը չունի սահմաններ, մինչդեռ շատ աւելի փխրուն կ'երեւի, քան վերջին 20 տարիներուին եւ յաւելած է․ 

«Երբ տարեկան գնաճը բարձրացաւ մօտ 50 տոկոսով, որն ամենաբարձրն է Էրտողանի ժամանակաշրջանին, ան աշխատանքէն ազատեց Թուրքիոյ վիճակագրական ընկերութեան ղեկավարը»:

Թուրքիոյ մէջ կառավարման նախագահական համակարգի անցման առնչութեամբ Կարտնըր շեշտած է, որ «մէկ մարդու վարչակարգը» պատճառ դարձած է, որ Էրտողան սխալներ կատարէ, քանի որ ան գժտուեցաւ ԱԶԿ-ի բոլոր հիմնադիր անդամներուն հետ եւ հեռացուց տնտեսութեան ոլորտի լուրջ մասնագէտները:

Ըստ յօդուածագիրին` կրթութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ Էրտողանի կատարած գործերը ապահովող տնտեսական աճը կախուած եղած է աժան վարկէ, սպառումէ եւ լայն թափով ընթացող շինարարութենէ, մինչդեռ իրավիճակը փոխուած է համավարակէն շատ աւելի ¬շուտ:

«Այս ճգնաժամը ընդդիմութեան սրտին մէջ կը մեծցնէ ի վերջոյ Էրտողանին յաղթելու եւ խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն բերելու յոյսերը», շեշտած է Տէյվիտ Կարտնըերը եւ յաւելած. «Այստեղ հարցը այն է, թէ արդեօք ընդդիմութիւնը կրնա՞յ համախմբուիլ համապատասխան թեկնածուի շուրջ եւ ստեղծել ընտրական ալիք, որ Էրտողանը չկարենայ յաղթահարել»:

 

Նիւթը՝ «Էրմէնիհապէր» կայքէն: