image

Թուրքիոյ պատուիրակութիւնն այս շաբաթ պիտի այցելէ Ռուսիա՝ քննարկելու կազային հանգոյցը

Թուրքիոյ պատուիրակութիւնն այս շաբաթ պիտի այցելէ Ռուսիա՝ քննարկելու կազային հանգոյցը

Թուրքիոյ պատուիրակութիւնն այս շաբաթ պիտի ժամանէ Ռուսիա՝ քննարկելու կազային հանգոյցի նախագիծի մանրամասները: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն՝ յղում ընելով ուժանիւթի նախարարութեան աղբիւրին։

«Այս տեսչական այցէն կ՚ակնկալու, որ պատրաստուի ծրագրի իրականացման գործողութիւններու օրացոյց եւ արագացուի աշխատանքը»,- լրագրողներուն ըսած է աղբիւրը։

Ռուսիոյ  նախագահ Վլատիմիր Փութինը 2022 թուականի հոկտեմբերին Թուրքիոյ մէջ կազային հանգոյց ստեղծելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է։ Ռուսիոյ ղեկավարի խօսքով՝ նման հանգոյցը կրնայ հարթակ դառնալ այլ երկիրներ, մասնաւորապէս՝ Եւրոպա կազի մատակարարման համար։

2023 թուականի նոյեմբերին Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաքը յայտարարած էր, որ Մոսկուան եւ Անգարան շուտով կրնան համաձայնութեան գալ հանգոյցի ճանապարհային քարտէզի շուրջ։