image

Թուրքիոյ հետ բանակցելու իրաւունք ունէ՞ր. Գեղամ Մանուկեանի հարցը Ռուբինեանի մասին

Թուրքիոյ հետ  բանակցելու իրաւունք ունէ՞ր. Գեղամ Մանուկեանի հարցը Ռուբինեանի մասին

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան այսօր ԱԺ փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանէն հետաքրքրուեցաւ` Ռուբէն Ռուբինեանը Թուրքիոյ ներկայացուցիչի հետ բանակցութիւններ վարած է Ազգային ժողովի կողմէ՞, թէ՞ այլ նպատակով Մոսկուա մեկնած է ԱԺ պիւտճէի հաշուոյն:

Յակոբ Արշակեանն ալ նշեց, թէ պետութեան կողմէ բանագնաց ներկայացուած ու, ըստ այդմ, բանագնացի գործուղման ծախսերը նոյնպէս պետութիւնը կը հոգայ:

Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Անկեղծ ասած, փորձեցի գտնել, թէ ի՞նչ որոշման, կարգադրութեան հիման վրայ է Ռուբէն Ռուբինեանը նշանակուել բանագնաց:

Բայց պետութեան կողմից Ազգային ժողովը լիազօրե՞լ է արդեօք ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին իբրեւ բանագնաց Հայաստանի անունից բանակցութիւններ վարել Թուրքիայի հետ, ԱԺ խորհրդում այդ հարցը քննարկուե՞լ է, որ գործուղում են Ռուբինեանին Թուրքիայի հետ բանակցութիւններ վարելու: ԱԳՆ խօսնակի՝ մամուլին տվուծ հարց-պատասխանի հիման վրայ է հանրութիւնը տեղեկանում, որ Ռուբէն Ռուբինեանը բանագնաց է»:

Ի պատասխան Յակոբ Արշակեանը ըսաւ. «Իւրաքանչիւր բանակցութեան ժամանակ գոյութիւն ունի պատուիրակութեան ղեկավար, գոյութիւն ունի համապատասխան ընթացակարգ, թէ ինչ օրակարգով, ինչ ժամկետերով ու ինչ ֆինանսաւորմամբ է գործուղւում պատուիրակութիւնը տուեալ երկիր: Այս դէպքում այդ բոլոր հոլովոյթները պահուած են», ըսած է Յակոբ Արշակեան: