Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան չի բացառեր, որ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնան կայանալ նախատեսուած ժամկէտէն շուտ։
Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւնները նշանակուած են 18 յունիսին։
Ինչպէս հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը՝ վկայակոչելով Անատոլու գործակալութիւնը, Էրտողան, մասնաւորապէս, ըսած է.
«Այն ամէնը, ինչ կը քննարկուի հասարակութեան մէջ, այսպէս թէ այնպէս, յայտնուած է մեր օրակարգին մէջ։ Ջուրը կանգնած չի մնար»:
2 Յունուարին իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիքը յայտարարած էր, որ ընտրութիւններու օրը կրնայ վերանայուիլ:
Նշուած է, որ ընտրութիւններու հնարաւոր նոր ժամկէտներն են 30 ապրիլը, 7 կամ 14 մայիսը: