image

Թուրքիոյ մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններէն ետք զանգուածային անկարգութիւններ սկսած են խոշոր քաղաքներու մէջ, նաեւ՝ Վանի մէջ

Թուրքիոյ մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններէն ետք զանգուածային անկարգութիւններ սկսած են խոշոր քաղաքներու մէջ, նաեւ՝ Վանի մէջ

Թուրքիոյ մէջ քաղաքական իրավիճակը կը թեժանայ, զանգուածային անկարգութիւններ սկսած են քիւրտերով բնակեցուած քանի մը խոշոր քաղաքներու մէջ, յայտնած է 5-tv.ru-ն:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններու արդիւնքները չեղարկելէ ետք Վան քաղաքի կեդրոնին մէջ հազարաւոր մարդիկ անկարգութիւններ կազմակերպած են։ Բնակիչները քարեր ու ճայթռուկներ (պայթուցիկ եւ լուսարձակ արկ) նետած են անվտանգութեան ուժերու վրայ, որոնք պատասխանած են ջրցան մեքենաներով եւ արցունքաբեր կազի կիրառմամբ:

ՏԻՄ ընտրութիւններուն յաղթած էր ընդդիմադիր Ապտուլլահ Զէյտանը, սակայն քուէարկութեան արդիւնքները չեղարկած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը: Յաղթանակը շնորհուած է նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի կուսակցութենէն թեկնածուին, թէեւ ան ստացած է ձայներու ընդամէնը 27%-ը։ Այդ պատճառով Զէյտանին աջակցող ցոյցեր սկսած են նահանգի գրեթէ բոլոր քրտաբնակ քաղաքներու մէջ։