image

Թուրքիոյ մէջ նախագահի համակարգը զուրկ է հաւասարակշռման եւ վերահսկման մեխանիզմներէն. ԵՄ

Թուրքիոյ մէջ նախագահի համակարգը զուրկ է հաւասարակշռման եւ վերահսկման մեխանիզմներէն. ԵՄ

Եւրոպական յանձնաժողովը հրապարակած է Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյց, ուր անդրադարձ կատարուած է Եւրոմիութեան հետ համապատասխանութեան, Յունաստանի հետ յարաբերութիւններուն, առեւտրային համաձայնագրերուն ու Թուրքիոյ իրաւական եւ վարչական համակարգին, ինչպէս նաեւ «Պրիքս»-ի ու Ռուսիոյ հետ զարգացող յարաբերութիւններուն։

Այս մասին հաղորդած է ermenihaber.am-ը:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը կը վատթարանայ օրէնքի, հիմնարար ազատութիւններու ու մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէ, նաեւ կը շեշտուի, որ  ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ու տեղական կառավարիչներու վրայ իշխանութեան ճնշումները թուլացուցած են ժողովրդավարութիւնը։

Անդրադարձ կատարուած է  2017-ին Թուրքիոյ մէջ կայացած հանրաքուէէն ետք կիրառուող նախագահական համակարգին։ Մասնաւորապէս նշուած է, որ նախագահի համակարգը զուրկ է հաւասարակշռման եւ վերահսկման մեխանիզմներէն։

Զեկոյցին մէջ մատնանշուած է նաեւ, որ Թուրքիան կարեւոր առեւտրային, քաղաքական ու անկանոն գաղթի դէմ պայքարի գործընկեր է։ Ընդգծուած է, որ Թուրքիան ԵՄ հինգերորդ խոշոր առեւտրային գործընկերն  է ու երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կը կազմէ 206 միլիառ եւրօ։

Մասնաւորապէս ընդգծուած է, որ Թուրքիոյ նաւահանգստային մարմինները եւ մաքսային կանոնակարգերը պէտք է վերադասաւորուին ԵՄ-ի սահմանած ռուսական պատժամիջոցներուն համապատասխան, բայց եւ նշուած է, որ Թուրքիան չուզեր պատժամիջոցներ կիրառել Ռուսիոյ դէմ։