Ռուսիոյ առաջնորդի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով խնդիր որակած է ուքրանական կարգաւորման շուրջ եւրոպական կողմի հետ երկխօսութեան բացակայութիւնը եւ եւրոպացիներու կողմէ Ռուսիան այս հարցով լսելու դժկամութիւնը։ Այս մասին Քրեմլինի խօսնակը յայտարարած է հնդկական լրատուամիջոցներու համար Նիւ Տելհիի մէջ կայանալիք Ռուսիա-Հնդկաստան գագաթնաժողովէն առաջ ճեպազրոյցի ժամանակ։
«Մենք չենք շփուիր եւրոպացիներուն հետ։ Մենք երկխօսութիւն չենք ունենար, ոչ մէկ խօսք։ Ինչպէ՞ս կրնաք իմանալ ձեր գործընկերներուն դիրքորոշումները նման բարդ հարցի վերաբերեալ, եթէ չէք շփուիր իրարու հետ։ Այս մեր ամենամեծ խնդիրն է»,- ըսած է Փեսքով՝ ընդգծելով, որ Հնդկաստանի հետ հակառակն է։
«Հնդկաստանը կը լսէ մեզ եւ փոխըմբռնում կայ: Մենք այդ կը գնահատենք», - աւելցուցած է ան: