image

Թուրքիոյ ափերուն մօտ ռուսական լցանաւերու մէջ հրդեհ բռնկած է

Թուրքիոյ ափերուն մօտ ռուսական լցանաւերու մէջ հրդեհ բռնկած է

Թուրքիոյ Սեւ ծովուն ափերուն մօտ գրեթէ միեւնոյն ժամանակ հրդեհ բռնկուած է ռուսական նաւթային երկու լցանաւերու մէջ։ Այս մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։

Հրդեհ առած առաջին նաւը Հնդկաստանէն Ռուսիա ուղեւորուող Kairos լցանաւն է։ Նշուած է, որ լցանաւը պայթած է ծովային ականի վրայ՝ գտնուելով Թուրքիոյ ափէն 28 ծովային մղոն հեռավորութեան վրայ։

Թրքական ծովագնացութեան վարչութիւնը հաստատած է, որ նաւուն մէջ հրդեհ բռնկած է արտաքին ազդեցութեան հետեւանքով։ Լցանաւու անձնակազմի 25 անդամը յաջողութեամբ տարհանուած է։

Աւելի ուշ հաղորդուած է նաեւ երկրորդ՝ Virat լցանաւուն հրդեհի մասին, որ նոյնպէս ռուսական ուղղութեամբ կը շարժէր եւ գտնուած է Թուրքիոյ ափէն մօտ 35 ծովային մղոն հեռավորութեան վրայ։ Անոր 20 հոգինոց անձնակազմը եւս տարհանուած է։

Թրքական կողմը չէ յայտնած մանրամասնութիւններ երկրորդ պայթումին եւ հրդեհին պատճառներուն վերաբերեալ, սակայն ընդգծած է, որ երկու լցանաւերն ալ եղած են դատարկ։