image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ. Apple-ի սակագները կը թանկանան

Թուրքիոյ մէջ. Apple-ի սակագները կը թանկանան

Թրքական լիրայի անկման ֆոնին Apple-ը շաբաթ օր կրկին բարձրացուցած է Թուրքիա վաճառուող իր ապրանքներուն գիները, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։

Ընկերութիւնը վերջին երեք շաբթուայ ընթացքին գիները կը բարձրացնէ երկրորդ անգամ՝ փոխհատուցելու թրքական ազգային արժոյթի անկման պատճառով արժէքի անկումը։ Եթէ Նոյեմբերի կէսերուն iPhone 13-ի ամենաժան մոտելը կը վաճառուէր 11.999 թրքական լիրայով, այժմ գինը բարձրացած է մինչեւ 21.499 լիրա։ iPhone 13 Pro-ի պարագային գինը 15.999-էն հասած է 28.999 լիրայի։

Նոյեմբեր 24-ին Apple-ը երկու օրով ամբողջութեամբ դադրեցուցած է Apple-ի ապրանքներու վաճառքը, քանի որ լիրայի կտրուկ անկման պատճառով ապրանքները աւելի աժանցան ԱՄՆ-ի գիներուն համեմատ։